
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններու խթանման գործին մէջ ունեցած ակնառու նուաճումներուն համար, Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին շնորհուած է Շարլ Ազնաւուրի անուան մրցանակը:
Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ հասարակական կազմակերպութեան համաձայն՝ մրցանակը յանձնած է նոյնինքն Ազնաւուրը, Ժընեւի «Club Suisse de la Presse»ի մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ եղած են դեսպան Հանս Եոհան Շմիթ եւ պատգամաւոր Ռընէ Ռուքեն, ինչպէս նաեւ Ժընեւի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներու գլխաւոր քարտուղար Մայքըլ Քամպեքի համար այս ձեռնարկը վերջին հանրային ներկայութիւնն էր այդ դերին մէջ, որովհետեւ ան կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը պիտի փոխանցէ Էտուարտօ Լորենցօ Օչօուային եւ Յովհաննէս Գրիգորեանին:
Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Ազնաւուր, միջոցառման ընթացքին նշած է. «Երբեք ելոյթներով հանդէս չեմ գար, որովհետեւ չեմ կրնար հանգիստ արտայայտուիլ ո՛չ ֆրանսերէն, ո՛չ հայերէն եւ ոչ ալ անգլերէն: Ես այսօր հոս եմ, քանի որ այս կազմակերպութիւնը հրաշալի կը համարեմ հայերուս համար, որովհետեւ, թէեւ ես հայկական ծագումով ֆրանսացի եմ, սակայն երբ Հայաստան կ՛երթամ, նորէն հայ կը դառնամ: Երբ հարց կու տան, թէ արդեօք աւելի շատ հա՞յ, թէ ֆրանսացի կը զգաս՝ կը պատասխանեմ, որ ես կաթով սուրճ եմ: Կաթը սուրճէն առանձնացնելու որեւէ ձեւ չկայ: Ինծի համար այս մրցանակը հիանալի գաղափար մըն է: Այն աշխատանքին համար, զոր պարոնուհի Քոքսը կը կրէ իր ուսերուն, օգնելու համար մեզի՝ հայերուս եւ Հայաստանին, շնորհել անոր այս մրցանակը, որ կը կրէ իմ անունը՝ լրիւ պատահաբար, ուրախութիւն է ինծի: Ահա՛, ես կրցայ ըսել այս բոլորը»:
«Ի սրտէ կ՛ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ: Ինծի համար կրկնակի պատիւ եւ կրկնակի ուրախութիւն է դառնալ այս մրցանակի առաջին ստացողը, եւ՝ այսպիսի միջազգայնօրէն յայտնի, սիրուած եւ հիացմունքի արժանացած մայէսթրոյի կողմէ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մրցանակին համար, որ կը շնորհուի ժողովուրդի մը կողմէ՝ հայ ժողովուրդին կողմէ, զոր ես անսահման կը սիրեմ եւ կը յարգեմ: Հայերը միայն չեն գոյատեւեր: Դուք գեղեցկութիւն կը ստեղծէք ոչնչացման վայրի մէջ մնացած մոխիրներէն, ինչ որ յատկապէս հիասքանչ է: Այդ է Հայաստանի ոգին: Խաղաղութեան մէջ դուք գեղեցկութիւն կը ստեղծէք ոչնչացման մոխիրներէն, ինչ որ ձեզ կը սփոփէ, ձեր փոքր հողէն նոյնիսկ շատ հեռու», նշած է Քոքս:
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Մայքըլ Քամպերքը՝ յիշեցնելով, որ Եւրոպա-Հայաստան խորհուրդը, որ Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներու առաջին գաղափարներէն էր ու հիմնուած 5 տարի առաջ, այսօր ունի աւելի քան 20 անդամ՝ Եւրոմիութեան տարածքէն եւ քաղաքական տարբեր շրջանակներէ:
Եւրոպա-Հայաստան խորհուրդի անդամ, դեսպան Հանս Եոհան Շմիթ եւս շնորհաւորած է պարունուհին՝ դրուատելով կարիքաւորներու օգնելու եւ աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու անոր ջանքերը: «Իբրեւ Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէի ընտրութիւններու ընթացքին ձեր դիտորդական առաքելութեան՝ նուիրուած քաղաքացիական հասարակութեան ուղղուած աջակցութեան եւ յատկապէս շեշտադրելով հաւաքներու ազատութեան զարգացումը: Շնորհակալ եմ ձեզի՝ Շարլ Ազնաւուր եւ Քերոլայն Քոքս, որ Հայաստանի մէջ ստեղծեցիք հետաքրքրութիւն՝ քաղաքական աջակցութեան անհրաժեշտութեան նկատմամբ», ըսաւ դեսպանը:
Ազնաւուրի անուան մրցանակը հաստատուած է Պրիւքսէլ հաստատուած Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան (www.EuFoA.org), ինչպէս նաեւ Եւրոպա-Հայաստան խորհուրդին (www.EAAC.EuFoA.org) կողմէ: Եւրոպա-Հայաստան խորհուրդը որոշած էր Քոքսին շնորհել առաջին մրցանակը, 2013ի Փետրուար 16ին Երեւանի մէջ կայացած իր երկրորդ գլխաւոր ժողովին ընթացքին: Մրցանակը նպատակ ունի խրախուսել եւ քաջալերել Եւրոպայի եւ Հայաստանի միջեւ կամուրջներու կառուցման ուղղուած այլ նախաձեռնութիւններ, պատիւի արժանացնել Եւրոպա-Հայաստան զարգացող յարաբերութիւններուն մէջ նուաճումները, ինչպէս նաեւ ցոյց տալ Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը: