«Ասպարէզ»ի թուայնացման արշաւին իր ներդրումը ուզեց ունենալ նաեւ 95 տարիներ շարունակ մեր ազգին ու Հոլիվուտի հայ համայնքին ծառայող Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը: Տեղին կ՛ըլլար, եթէ «Մայր»ը հովանաւորէր իր ծննդեան տարուան՝ 1918ի թերթի թիւերը: Այդ տարին հովնաւորուած ըլլալով Մանաս Պուճիքեանի կողմէ՝ «Մայր» մասնաճիւղի ազնիւ ընկերուհիները որոշեցին հովանաւորել իրենց գործունէութեան մէկ կարեւոր դաշտը հանդիսացող, իրենց կողմէ հիմնուած ու իրենց զոհաբերութիւններով գործող Շաբաթօրեայ դպրոցին հիմնադրութեան տարուան՝ 1973ի «Ասպարէզ»ի թիւերու թուայնացումը:
Շնորհակալութի՛ւն մեր սիրելի ընկերուհիներուն ու վարձքերնիդ կատար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.