ՖՐԵԶՆՕ, «Ֆրեզնօ Պի».- Իրենց ներդրումները Ճան Օթոյի կողմէ Ֆրեզնոյի մէջ հաստատած երեք ընկերութեանց մէջ ներդրում ունեցող աւելի քան 800 անձեր, որոնցմէ 250էն 350ը Ֆրեզնոյէն է ու մեծամասնութեամբ՝ հայ, մասնակի յաղթանակ մը եւս արձանագրած են վերջերս, երբ Շրջանային վճռաբեկ 5րդ ատեանը հաստատեց Ֆրեզնօ գաւառի Գերագոյն ատեանի այն վճիռը, թէ Օթոյի այրին պէտք է 114.5 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ զոհերուն:
«Այս վճիռը ցոյց կու տայ, թէ իրաւական համակարգը լաւապէս կը գործէ», ըսած է զոհերը ներկայացնող փաստաբան Արա Ճապաղջուրեանը՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն, միաժամանակ ընդունելով, թէ զոհերը կրնան յատկանշական հատուցում չստանալ, որովհետեւ այրին սնանկացման դիմած է: Յայտնենք, թէ Ճան Օթօ անձնասպանութեան դիմած էր 2009ին:
2011ի Օգոստոսին, Ֆրեզնօ գաւառի ատեան մը պահանջած էր նշեալ ընկերութեանց երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն, որ 47.22 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում տրամադրեն զոհերուն, սակայն անոնցմէ եւս ցարդ կարելի չէ եղած զոհերուն համար վնասուց հատուցում ապահովել, որովհետեւ ընկերութեանց պաշտօնատարները կը պնդեն, թէ կարողութիւնը չունին նման հատուցում կատարելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.