
ԵՐԵՒԱՆ.– 20 Նոյեմբերին աւարտեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստանի Հանրապետութիւն:
Այցելութեան ընթացքին Ս. Օհանեան հանդիպումներ ունեցած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի եւ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարասի հետ:
Կողմերը բարձր գնահատած են աւելի քան երկու տասնամեակի պատմութիւն ունեցող հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութեան ներկայի մակարդակը եւ կարեւոր նկատած են համագործակցութեան հետագայ զարգացումը՝ ռազմական կրթութեան, ռազմական արդիւնաբերութեան, յատուկ նշանակութեան զօրքերու պատրաստութեան եւ խաղաղապահութեան ոլորտներուն մէջ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին յունական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիակատար աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման համար: Համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ համագործակցութեան իրաւական հիմքը կազմող համաձայնագիրներու վերանայման եւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համադրման համատեղ բարձր մակարդակի յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ։ Անիկա պիտի ուսումնասիրէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնները: