
ԵՐԵՒԱՆ.– Կառավարութիւնը 21 Նոյեմբերի նիստին որդեգրուած է որոշում մը, որուն լոյսին տակ Հայաստանի տարածքին գտնուող ռազմակայաններուն թիւը պիտի բարձրանայ։
Մէկ տարի առաջ՝ 3 Հոկտեմբեր 2012ին, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած Ռուսիոյ ռազմակայանի տեղաբաշխման կէտերուն մասին արձանագրութիւնը, կառավարութեան որոշումով, փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Փոփոխութիւններուն նախագիծը պատրաստած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռուսական կողմը առաջարկած է հզօրացնել իր 102րդ ռազմակայանը, եւ այդ նպատակով յառաջիկայ օրերուն ծրագրած է Հայաստանին տրամադրել 18 ուղղաթիռ: Այդ նպատակով, «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական օդային խարիսխի արդիականացման նպատակով կը ծրագրուի ռուսական կողմին տրամադրել տարբեր տարածքներ՝ ուղղաթիռային սաւառնակախումբի կանգառի եւ գետնավարման ուղիի կառուցման համար, ինչպէս նաեւ վարչատնտեսական կառոյցներ, զինանոց, կառավարման կեդրոն, բնակելի աւան, ուղղաթիռներու ծառայութեան շէնք, վառելանիւթի պահեստանոց կառուցելու համար տարածքները:
Ռուսական կողմին պիտի փոխանցուի նաեւ Գիւմրի քաղաքի «Սվերդլովի 222» փողոցի «N 21» ռազմական աւանը: Շիրակի մարզի Հացիկ գիւղի «N 1» ռազմական աւանն ալ պիտի վերցուի Հայաստանի տարածքին ռուսական ռազմակայաններու ցանկէն:
Այսպիսով, Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններուն թիւը կը հասնի 21ի, որոնցմէ 9ը Գիւմրիի մէջ, մէկական՝ դարձեալ Շիրակի մարզի Նոր Ախուրեան եւ Հովունի գիւղերուն մէջ, 1՝ Արագածոտնի մարզի Քարվանսարա գիւղին մէջ եւ 9՝ Երեւանի մէջ: