
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կարմիր բլուրին վրայ տեղի ունեցած պեղումներուն ընթացքին հնագէտները գտած են հսկայական դամբարանադաշտ մը, ուր լաւագոյնս պահպանուած է թաղման ծէսը: 21 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեանը՝ նշելով, որ պեղումներու առաջին հանգրուանով տակաւին միայն 700 մեթր տարածք կարելի եղած է հետազօտուել: «Երկրորդ փուլում արդէն իսկ կ՛ուսումնասիրուեն դամբարաններն առանձին-առանձին», յայտնած է ան։ Սիմոնեան նշած է, թէ նախնական տուեալներով կարելի է ըսել, որ դամբարանները քաղաքաբնակ աշխատաւոր խաւին կը պատկանին:
«Մենք արդէն տուեալներ ունենք, թէ ինչպիսի դիրքով են մահացածին թաղել: Հիմա հարկաւոր է սպասել պեղումների միւս արդիւնքներին», աւելցուցած է ան:
Թէյշեբաինիի մէջ (Կարմիր բլուր) պեղուած է երկու հազար քառակուսի մեթր մակերեսով, երկարաւուն ճակատին կողմէ չորս առանձին մուտք ունեցող մեծ շէնք մը: «Շէնքն ունի յատակագծով միմեանց կատարելապէս համընկնող 11 սենեականոց 4 բնակարան: Կարմիր բլուրի վիմագրական նիւթը, պատմելով Ռուսա Բ.ի հիմնած քաղաքի, տաճարների, սրբատեղերի, պաշտամունքային այլ կառոյցների մասին, աւելի որոշակի է դարձնում կառոյցների նշանակութիւնը», բացատրած է Սիմոնեան:
Վիմագիր արձանագրութիւնները հիմնականօրէն կը վերաբերին շինարարական գործունէութեան եւ գրուած են մեծ մասամբ պաշտամունքային կառոյցներու լրացուցիչ մասերուն վրայ (որմնաքարեր, մուտքի բեկորներ եւ այլն): Կարեւոր աղբիւրներ են սեպագիր կաւէ սալիկները (բերդի արխիւ), որոնք առաւելապէս կը բովանդակեն տնտեսական փաստաթուղթեր եւ Թէյշեբաինիի մէջ բնակող փոխարքային ուղղուած իրաւաբանական բնոյթի գրութիւններ եւ արքայական հրամաններ: