Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի թեմին Պատգամաւորական ժողովը (ԹՊԺ), որուն օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր՝ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութեան նախապատրաստութիւնը: Ներկայ եղան 52 անդամներէն 35ը:
ԹՊԺն ներկայացուց Ֆրանսայի թեմի առաջնորդութեան համար երեք թեկնածուներուն անունները՝ Վիգէն եպս. Այքազեան (ԱՄՆ), հայր Զատիկ Աւետիքեան (Պրիւքսէլ) եւ հայր Գրիգոր Խաչատրեան (Նիս): Ինչպէս կանոնագրութիւնը կը նախատեսէ, դիմող թեկնածուներէն երեքին ընտրութիւնը Թեմական խորհուրդին կողմէ, պէտք է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հաւանութեան արժանանայ:
Որոշուած է, որ երեք թեկնածուներն ալ շրջին թեմի զանազան շրջաններու ծուխերը՝ անոնց ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ իրենք զիրենք ծանօթացնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.