
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, Ուրբաթ 8 Նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ընդարձակուած ցուցասրահի բացման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ երեսուն արուեստագէտներու մասնակցութեամբ հաւաքական ցուցահանդէսի բացումը:
Բազմաթիւ պետական, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիւզի Մինասեան-Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ այս հանդիսութիւնը կը ստանայ խորհրդանշական իմաստ եւ կարեւորութիւն, երբ բոլորին նիւթաբարոյական աջակցութեամբ լիբանանահայ գաղութը օժտուեցաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի աւելի ընդարձակ տարածքով: Ապա ան հրաւիրեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեանը, որ անգլերէնով փոխանցեց իր խօսքը: Ան յայտնեց, որ անցնող չորս տարիներուն այս ցուցասրահի գործունէութիւնը լաւագոյն օրինակը եղաւ միասնականութեան եւ ուղղամտութեան՝ շնորհիւ արուեստագէտներու՝ աւելցնելով, որ ցուցասրահին ընդարձակումով առիթը պիտի տրուի մեծ թիւով հայ ու օտար արուեստագէտներու եւ արուեստի սիրահարներու գործերու ցուցադրութեան: Պէօյիւքեան իր խօսքին մէջ վստահութիւն յայտնեց, որ ընդարձակուած սրահը պիտի շարունակէ իբրեւ կամուրջ ծառայել Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ՝ ծաղկեցնելու համար Լիբանանի մշակութային կեանքը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնեցան մշակութային այս կեդրոնի ընդարձակման, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք անցնող չորս տարիներուն ընթացքին իրենց ցուցահանդէսներով, ներկայութեամբ եւ յանձնառութեամբ քաջալեր հանդիսացան մշակոյթի զարգացման:
Այնուհետեւ, Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան ընթերցեց Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեանի շնորհաւորագիրը, որուն մէջ ան կը նշէր, թէ անցնող 80 տարիներուն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն գրատարածը իր լոյս ընծայած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ բազմաբնոյթ գրականութեամբ միշտ բարձր պահած է հայ գիրի, գիրքի ու մշակոյթի վարկը՝ արժանանալով մանուկներու, մեծերու եւ ընթերցասէր լայն հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Ապա ան ընթերցեց Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի շնորհաւորագիրը, որուն մէջ վերջինս կ՛ըսէր, թէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր ստեղծման կարճ ժամանակամիջոցին կրցաւ հանդէս գալ բազմաթիւ անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներով՝ Լիբանանի հայ եւ արաբ հասարակութեան մատուցելով ժամանակակից հայ գեղանկարչութեան լաւագոյն նմուշները: «Մեծ է Համազգայինի, իսկ այս պարագային՝ ցուցասրահի դերակատարութիւնը հայրենի լաւագոյն արուեստագէտները ներկայացնելու եւ գեղարուեստի լեզուով հոգեւոր կամրջումի շատ կարեւոր առաքելութիւնը ստանձնելու ուղղութեամբ», նշեց Աղամեան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան խնամակալութեան անդամ Յակոբ Եափուճեան, որ նշեց, թէ այս ցուցասրահը Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ հաստատելով՝ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանները կարեւոր նախաձեռնութիւն մը կատարեցին կերպարուեստը ժողովրդային լայն խաւերուն մօտեցնելով: «Արուեստը միտքը կը զարգացնէ եւ հոգին կ՛ազնուացնէ: Պէտք է ջանալ, որ ժողովուրդը սիրէ եւ գնահատէ կերպարուեստը: Այս իմաստով կարեւոր դեր վիճակուած է մեր արուեստագէտներուն, որոնցմէ կ՛ակնկալուի իրենց ստեղծագործութիւնները մատչելի դարձնել ժողովուրդին», ըսաւ Եափուճեան, ապա խօսելով Համազգայինի հրատարակչական բաժանմունքի ներկայի տնօրէնութեան գործունէութեան 15ամեակին մասին՝ Եափուճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ 1998ին Համազգայինի օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը պաշտօնի կոչեց Յակոբ Հաւաթեանը, որ իր նախաձեռնութեան ոգիին բերումով կրցաւ ոչ միայն շարունակել երկար տարիներու սկսուած գործը, այլ նաեւ տպարանը օժտել նոր սարքաւորումներով, Քիւրքճեան ամոլի նուիրատուութեամբ բարեզարդել գրախանութը, մասնակցիլ գիրքի ցուցադրութեան միջազգային ցուցահանդէսներու եւ հայրենի ցուցասրահներու հետ սերտ կապեր հաստատելով նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին յայտնեց, որ շատեր հարց տուած են, թէ երկիրի եւ շրջանի ներկայ կացութեան լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլա՞ր սրահի ընդարձակման աշխատանքը հասցնել իր աւարտին, սակայն երբ կայ հաւաքական կամքի դրսեւորում եւ ճիգ, բնականաբար գործը պիտի առաջնորդուի յաջողութեան: Չորս տարի առաջ, երբ ձեռնարկուեցաւ այս ցուցասրահի բացման հանդիսութեան, իբրեւ Համազգայինի ընտանիք, անձնակազմ, տնօրէնութիւն, վարչութիւն մեծ յանձնառութեան տակ էինք, եւ օրին ճշդուեցան նպատակներ, «եւ այսօր կրնանք հաստատել, որ հաւաքաբար յաղթահարած ենք մեր դիմաց դրուած մարտահրաւէրները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «Լիբանանի գաղութի ապագայով կրնանք բոլորս ալ մտահոգ ըլլալ, սակայն եկէք ընդունինք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններով եւ ասոր յաջորդելիք աւելի մեծ նախաձեռնութիւններով մեր գաղութը ուրիշ ելք չունի, պիտի մնայ կեդրոնական գաղութ եւ շարունակէ իր երթը ի խնդիր մեր հաւաքական բոլոր իղձերու իրականացման: Մենք պիտի շարունակենք երթը երբեմն հոսանքն ի վեր թիավարելով, երբեմն դժուարութեամբ, սակայն անպայման պիտի հասնինք մեր նպատակին», նշեց Հաւաթեան:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ այս երեկոյեան ուրախալի երեւոյթ է տեսնել, թէ Համազգայինի Մշակութային Միութեան շուրջ տակաւին կը գտնուին այսքան կարեւոր թիւով անձնաւորութիւններ, որոնք հայ մշակոյթի սիրով տարուած ու վարուած կը փորձեն սփիւռքեան ափերուն վրայ իրենց կեանքը վարել ազգային շունչով եւ պահել իրենց նկարագիրը, իւրայատուկ դիմագիծը՝ իրենց հոգին քաղցրացնելով մեր ազգային մշակոյթի բազմերանգ ժառանգութեամբ:
Սրբազան հայրը նշեց, որ մեր շուրջ կը տիրեն անբարենպաստ պայմաններ, սակայն մեր ժողովուրդը իր հոգիին մէջ ամբարած է դարերու խորքէն եկող բազում ներուժ, յատկապէս մշակոյթ, հոգեւոր աւանդ, որոնցմով կը հաւատանք, որ կրնանք թիավարել գալիք բազում օրերուն ապահով կերպով: Պարզապէս պէտք է մեր ժառանգութեան նկատմամբ գիտակից եւ հաւատարիմ գտնուինք:
Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտելէ ետք կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը: Վեհափառ հայրապետը օրհնութեան գիրին մէջ մասնաւորապէս բարձր կը գնահատէր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ընդարձակուած ցուցասրահի բացումը եւ Համազգայինի նպաստը հայ մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման մէջ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 30 Նոյեմբեր: