ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն՝ Անգարա, միջնորդութեան համար Զուիցերիոյ դիմած է, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ վերջ տալ Արցախի հակամարտութեան: Թուրքիա այս քայլին դիմած է՝ յուսալով, որ Պաքու-Երեւան համաձայնութիւնը կը նպաստէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն:
Յղում կատարելով «դիւանագիտական աղբիւրներու»՝ թերթը գրած է, թէ Հոկտեմբերի կէսերուն Զուիցերիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այս առաջարկը ներկայացուցած է Զուիցերիոյ իշխանութեանց եւ յայտնած, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, եթէ Զուիցերիա կարենայ ապահովել Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումը»: Տաւութօղլու շեշտած է, թէ նման իրագործումէ մը ետք Թուրքիա պատրաստ է բանալու Հայաստանի հետ սահմանը, որ փակուած էր 1993ին:
Ըստ թերթին՝ զուիցերիական կողմը խոստացած է կարելին ընել:
Այցելութեան ընթացքին Տաւութօղլու ըսած է նաեւ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին Թուրքիոյ համար:
Ըստ նշեալ աղբիւրներուն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մասնաւորապէս նպատակադրուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել մինչեւ 2015, այսինքն՝ մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Թերթը գրած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ մէկտեղ՝ «Հայաստան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից ատրպէյճանական եօթը շրջաններ բռնագրաւուած պահել»:
Իր ինքնութիւնը չբացայայտած «բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեայ» մը աւելցուցած է, թէ «Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանները փակած է ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի, այլ անոր յարակից շրջաններու բռնագրաւման պատճառով»:
Օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն՝ Ատրպէյճան արդէն իսկ փոխանցած է Թուրքիոյ, թէ դէմ պիտի չկենայ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմաններու բացման, «եթէ Երեւանը ազատագրէ եօթը յարակից շրջաններէն առնուազն հինգը»:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ «Երեւան եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է լքելու հինգ շրջանները»:
Armenia.Az