ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Նոյեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային կողմը տեղակայուած շարք մը զօրամասեր եւ ծանօթացած զինուորներու առօրեային ու առկայ խնդիրներուն: Նախագահը նշած է. «Երկրի պաշտպանունակութեան շարունակական բարձրացումն ու ամրապնդումը միշտ եղել է եւ կը լինի մեր պետութեան զարգացման առանցքային ուղղութիւնը»:
Բակօ Սահակեան Հադրութ քաղաքին մէջ գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման հարցերուն: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մերձարաքսեան հատուածին մէջ գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրականացման: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ այս տարածքի շէնացումը մեծապէս պիտի նպաստէ ո՛չ միայն Հադրութի շրջանի, այլեւ ողջ հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան զարգացման:
Նախագահին ընկերակցած են Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.