
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նոր Նորք վարչական շրջանի շուրջ 5.8 հեկտար տարածքի վրայ գտնուող Տիգրան Մեծի այգին ամբողջութեամբ վերակառուցուած է: Բնակիչներուն լիարժէք հանգիստին համար տեղադրուած են նստարաններ, փակ եւ բաց զրուցարաններ, մանկական ժամանակակից խաղերով կահաւորուած խաղահրապարակներ, մարզահրապարակներ, ինչպէս նաեւ կառուցուած են ճեմուղիներ: Հանգստեան գօտին ամբողջութեամբ ապահովուած է նաեւ արտաքին լուսաւորութեան նոր ցանցով ու շուրջ 1 քիլոմեթր ոռոգման նոր համակարգով:
Այգիի հանդիսաւոր բացումէն ետք զրուցելով բնակիչներուն հետ՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ըսած է, որ երեւանեան նոր այգիներու եւ պուրակներու ստեղծման ծրագիրները, ինչպէս այս տարի, յառաջիկայ տարիներուն եւս պիտի ըլլան շարունակական ու հիմնականին մէջ կեանքի պիտի կոչուին մայրաքաղաքի ծայրամասային նկատուող թաղամասերուն մէջ, ուր հազարաւոր բնակիչներու համար պիտի ստեղծուին հանգիստի իւրօրինակ կեդրոններ:
«Բոլորն են յիշում, որ այս տարածքում գտնուող Վիշապների պուրակի տեղում ուզում էին բազմաբնակարան շէնք կառուցել, եւ քաղաքապետարանի կողմից արգելուեց այդ կառուցապատումը: Ու մենք խոստացանք, որ այգին կը վերականգնենք ու կը յանձնենք մեր բնակիչներին: Ծրագիրը, ինչպէս տեսնում էք, կեանքի կոչուեց: Այգու կառուցման համար համայնքի բիւջէից ծախսուել է 123 միլիոն դրամ, բացի այդ նաեւ մասնակցութիւն են ունեցել մի շարք բարերարներ, որոնց իմ շնորհակալութիւնն եմ յայտնում», իր խօսքին մէջ նշած է քաղաքապետը։