
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Կիրակի, Հոկտեմբեր 27ին, «Գիւտ Խաչի» տօնին օրը, Ս. պատարագ մատոյց Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց օրուան խորհուրդին շուրջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան եւ սարկաւագները:
Արարողութեան ընթացքին, սրբազան հայրը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Անդրանիկ Տովլաթեանի, Կարապետ Թեմամեանի եւ Յարութ Մարգարեանի: Ապա ուրար կրելու իրաւունք պարգեւեց Յարութ Մարգարեանի եւ Արարատ Գալփակճեանի:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ ի ներկայութիւն մեծ թիւով հաւատացեալներու, պաշտօնապէս նշուեցաւ եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադրութեան 30րդ տարեդարձը: Այս առթիւ հրատարակուած յուշամատեանին մէջ տպուած էր սրբազանին խօսքը, ուր սրբազան հայրը գրած էր. «Յատուկ աղօթք կը բարձրացնենք Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգելոյս Շահէ Ա. քհնյ. Սէմէրճեանի հոգիի խաղաղութեան համար, որ 30 տարի առաջ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է հիմնելու եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ որպէս խմբավար ունենալով լուսահոգի Յակոբ Յակոբեանը»:
«Կոմիտաս» երգչախումբին նուիրուած սոյն ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: