
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միջոցէ մը ի վեր կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին դիմագրաւելու 1915ի հարիւրամեակին առիթով հայոց կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումներուն։ Պահպանողական շրջանակներ արդէն իսկ զգուշութեան կը հրաւիրեն կառավարութիւնը ու կը հարցնեն, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի փոխադարձէ հայոց պահանջատիրական պնդումներուն։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին հաղորդուեցաւ, թէ այս նիւթին շուրջ լուրջ պարտականութիւն յանձնուած է Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդին, որ միջազգային հանրային կարծիքի հրապարակին վրայ հայոց կողմէ Թուրքիոյ դէմ յառաջ քշուած պնդումներուն մասին պիտի խօսի՝ «պատմական ճշմարտութիւններու լոյսին տակ» եւ պիտի պատրաստէ վաւերագրական ժապաւէններ, որոնք արձագանգ պիտի ստեղծեն։ Այլ խօսքով՝ նորութիւն չկայ. Թուրքիա հինէն ի վեր պաշտպանուած տեսակէտները դարձեալ հրապարակի վրայ պիտի դնէ՝ «պատմական ճշմարտութիւններ» անուան տակ։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդի նոր նախագահը վերջերս ըրած էր յայտարարութիւններ, որոնք բողոքներու տեղի տուած էին։ «Հայերը եթէ փաստաթուղթ ունենային, հարիւր տարի չէին սպասեր մեզի դէմ գալու համար», ըսած էր խորհուրդի նախագահ Մեթին Հիւլակու, որ այս կերպով փորձած էր ժխտել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ըսուածները բազմաթիւ գիրքերու մէջ։
Խորհուրդը ներկայիս կը պատրաստէ նաեւ թուրք-հայկական յարաբերութիւններու հրատարակութեանց շարք մը, որ գրի առնուած պիտի ըլլայ բազմաթիւ մասնագէտներու գրիչով։ Խորհուրդը, այս տարուան ընթացքին, ցարդ 17 հատոր հրատարակեց, իսկ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակուին 180 ուսումնասիրութիւններ եւս։ Նաեւ, նախապէս տպուած հինգ գիրքերու նոր տպագրութիւնը իրականացած է։
2013ին, խորհուրդի գրադարանէն օգտուած են 4486 հետազօտիչներ՝ օգտագործելով աւելի քան 21 հազար փաստաթուղթ։ Կը շարունակուին տասնեակ հազարաւոր գիրքերու դասաւորումը ու կարգ մը արժէքաւոր ձեռագիրներ թուայնացնելու գործողութիւնը։ Խորհուրդը նաեւ որոշած է կրթաթոշակներ յատկացնել այս մարզերէն ներս մասնագիտանալ ուզող ուսանողներու։
“Խորհուրդը նաեւ որոշած է կրթաթոշակներ յատկացնել այս մարզերէն ներս մասնագիտանալ ուզող ուսանողներու։”
Թուրքեր, որոնք կը փափաքին մրցիլ այս կրթաթոշակով մասնագիտանալու՝ յաջողութելու համար անոնք պէտք է լաւագոյն Ստքախոսներ ըլլային:
Լոյսը ինչպէ՞ս կրնան դաղել…, նոյնպէս ճշմարտութիւնը!!!