
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր ժողովուրդը, իր լայն ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի կամ հանգիստ պայմաններուն, իր հոգիին ու միտքին մէջ ամրօրէն պահած է իր մեծ հաւատքը ու այս ձեւով հիմնած է իր հաւատքի տունը՝ եկեղեցին, եւ փորձած է սերունդէ սերունդ զայն հաստատօրէն փոխանցել իր յաջորդներուն:
Ուստի, մեզի համար մեր եկեղեցին, իր գեղեցիկ եւ միաժամանակ խորհրդաւոր ու անզուգական կառոյցով, դէպի վեր սլացող իր գմբէթով, գաղտնի ճամբայ մը ունի, եւ ոչ մէկ ուժ կրցած է զայն արմատախիլ ընել մեր միտքէն եւ հոգիէն:
Ահա թէ ինչու դարերու ընթացքին ճիգ չէ խնայուած հաստատ պահելու մեր այս հաւատքի մեծ կառոյցը:
Նման բոլոր հայկական եկեղեցիներու ծնունդին՝ անոնց կառուցման եւ հաստատ պահպանման, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մեր գաղութն ալ, 50 տարիներ առաջ, Սրբոց Նահատակաց անունով սեփական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարն ու երազը, եւ ապա նոյն երազին իրականացումը կատարեց: Ապա ասկէ մեկնած, եկաւ հաստատելու, թէ եկեղեցին հովիտահայութեան համար պարզ կառոյց մը կամ շէնք մը չեղաւ, այլ՝ իսկապէս շրջանի հայութեան հաւատքի անսասան ամրոցն ու խորհրդանիշը:
Գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է եկեղեցւոյ անուանակոչութեան յիշատակումը: Եւ որովհետեւ ամէն աւանդութիւն մէկական գեղեցկութիւն է, ամէն տարի, այս գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Ամենայն Սրբոց տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթներով, կը մատուցուի եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագ, որուն կը յաջորդէ եկեղեցւոյ հին ու նոր ննջեցեալ սպասարկուներու եւ բարերարներու հոգիներուն յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն. յաճախ տեղի կ՛ունենայ նաեւ դպիրներու կամ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն, իսկ արարողութեանց աւարտին՝ մատաղօրհնէք:
Այս տարի, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը զուգադիպեցաւ եկեղեցւոյ օծման կէս դարու պատմական տարեդարձին։ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2013ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ, որուն ընթացքին՝ սարկաւագներու եւ ուրար կրելու իրաւունք ստացող դպիրներու ձեռնադրութիւն: Ս. Պատարագը մատուցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ կատարեց ձեռնադրութիւնները։
Եկեղեցին ժամանակէն առաջ լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ: Օրը տօնական էր ու պատմականօրէն յիշատակելի: Հարիւրաւոր հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին թեմի նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապաքեան, ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեանն ու իր տիկինը, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը, շրջանի երեսփոխանները, հոգաբարձական կազմը, տիկնանց միութեան եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ գաղութիս մէջ գործող պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Տեղին է յիշել, թէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտները ստեղծած են գեղեցիկ աւանդութիւն մը. ամէն Կիրակի, դասարանի կարգով, աշակերտները ներկայ կը գտնուին Ս. Պատարագին: Այդ օր, 11րդ կարգի աշակերտութեան կարգն էր. օրինակելի ու նոյնքան ալ տպաւորիչ ներկայութիւն մը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ով։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պօղոս աբեղայ Թինքճեանն (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, որ իբրեւ ուսանող շրջանս կը գտնուի) ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան:
Պատարագի իսկապէս շատ տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց եւ սարկաւագաց դասը, ղեկավարութեամբ երաժշտագէտ Կոմիտաս Քէշիշեանի:
Եկեղեցւոյ սեմին, գաւիթին մէջ, հաւատացեալներու համար պատրաստուած գրքոյկին մէջ լայն գիծերով եւ երկլեզու տեղ գտած էին օրուան խորհուրդն ու եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականը, ինչպէս նաեւ մատաղի բացատրողականը եւ նուիրատուներու անունները, նաեւ՝ մատաղօրհնէքէն ետք կատարուելիք ձեռնարկին յայտագիրը: Բաւական շինիչ ու գործնական գրքոյկ մըն էր, խնամքով պատրաստուած եւ ընթերցող հաւատացեալ հասարակութեան տրամադրուած:
Ճաշու Գիրքին ընթերցումէն ետք, սարկաւագաց ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութիւնը սկսաւ «Ուրախ Լեռ» շարականի երգեցողութեամբ։ Ուրարակիրներ Յովիկ Սէրայտարեան եւ Թուխման Խաչատուրեան ծնկաչոք խորան բարձրացան. տէր Ռազմիկ քահանան զանոնք ներկայացուց, առաջնորդ սրբազան հօր եւ վկայեց անոնց ծառայութեան ու սարկաւագութեան արժանի ըլլալուն մասին։ Ապա, ընծայեալները ծնկաչոք յառաջացան դէպի խորան, եւ առաջնորդ սրբազանը իր ձեռքը անոնց գլխուն դնելով, աղօթեց առ Աստուած, որ Իր Ս. Աջը հովանի ընէ անոնց վրայ, որպէսզի արժանի ըլլան Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչումին։ «Թող Քու շնորհքներդ ստանան եւ որպէս սարկաւագներ՝ իրենց կարգին ծառայութեան մէջ զանոնք տարածեն հաւատացեալներուն մէջ»: Ան նաեւ աղօթեց, որ անոնք իրենց ետին ձգեն ինչ որ երկրաւոր է, եւ տարածիչը ըլլան Աւետարանի ճշմարիտ խօսքին։ Ապա խնդրեց Աստուծմէ, որ իրեն բոլոր մեղքերը մաքրէ եւ անոնց շնորհէ ուժ եւ իմաստութիւն, որպէսզի առաջնորդուին ճշմարտութեան ճանապարհէն, Միածինին գթութեամբ եւ Ս. Հոգիի ճշմարտութեամբ լեցուած։
Ապա, ընծայեալները դէպի հաւատացեալները դառնալով, իրենց ձեռքերը վեր ու ականջի ետին տարած, «Աստուածային եւ Երկնաւոր Շնորհ» շարականին երգեցողութեամբ ստացան կոչումը սարկաւագութեան, իրենց անձերուն եւ ամբողջ ժողովուրդին տուած վկայութեան համաձայն։ Ապա, առաջնորդ սրբազանը իր ձեռքը անոնց գլխուն դնելով, խնդրեց Աստուծմէ, որ հոգայ Իր այս նուիրեալները, որոնք Ս. Եկեղեցիին ծառայելու համար ձեռնադրուեցան։ «Հաստատուն պահէ զիրենք այս կոչումին մէջ, ամէն չար բանէ հեռացուր զիրենք եւ ամէն տեսակի բարեգործութեան մէջ զօրացուր», աղօթեց առաջնորդ սրբազանը, խնդրելով որ Աստուած անոնց սէրն ու հաւատքը աւելցնէ, եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի զօրութիւնն ու շնորհքը տայ իրենց, որպէսզի հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Ս. Հոգիով լեցուն ծառայեն եւ հոգեկան ուրախութիւն ու բարութիւն բերեն իրենց ու շրջապատին։
Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն եւ «Հաւատամք»էն ետք, արարողութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Ընծայեալները անգամ մը եւս ծնրադրեցին առաջնորդ սրբազանին դիմաց, որ իր ձեռքը անոնց վրայ դնելով աղօթեց, որ Աստուած իրենց օգնական ու պաշտպան ըլլայ, եւ զիրենք պահէ երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ, որպէսզի Իր կամքին համաձայն արդար եւ անարատ կեանք մը ապրին եւ արժանի ըլլան յաւիտենական կեանքին։ Այնուհետեւ, իրենց ուրարները ձախ ուսին զետեղելով՝ աղօթեց ըսելով. «Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն առէք այս մաքուր ուրարները, եւ մեղքի բոլոր պատրանքները թօթափեցէք, երբ Իր ներկայութեան կը կանգնիք»։ Ապա յորդորեց որ իրենց կեանքով ու վարքով օրինակ ըլլան ժողովուրդին։ Ապա, Աւետարանը նուիրեալներուն տալով, իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ խօսքը կարդալու, որմէ ետք, բուրվառը տալով, հրաման տուաւ «Ս. Պատարագի խորհուրդի որպէս սպասարկութիւն՝ խնկարկելու եւ անուշ հոտ բուրելու»։ Ձեռնադրեալ սարկաւագները Ս. Սեղանին, առաջնորդ սրբազան հօր եւ ժողովուրդին խնկարկեցին։
«Պահպանի»չէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը ուրարի տուչութիւն կատարեց դպիրներ Յակոբ Տէմիրճեանի, Մանուէլ Պայրամեանի, Պետրոս Նաճարեանի եւ Կէրի Մարգարեանի, որոնք դարձան եկեղեցւոյ նոր ուրարակիրները։ Ապա բոլորը միասին ստացան առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը, որուն յաջորդեց պատգամը։
Պէտք է գնահատանքով յիշել, թէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը յաճախ սուրբ պատարագի արարողութեան կը մասնակցի։
Այս հիման վրայ, օրուան ընթերցումը՝ Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակը տպաւորիչ ձեւով ընթերցեցին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստա Աւետիսեան ու Անի Քէօշկէրեան, իսկ զղջումը՝ աշակերտ Ալեքսան Տէր Դաւիթեան:
Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր հայրական պատգամը. ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ արժանի ըրած էր միասնաբար մասնակից ըլլալու եկեղեցւոյ ուխտի օրուան եւ օծման յիսնամեակին նուիրուած պատարագին, որուն ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրուեցան երկու ուրարակիր դպիրներ: Ապա դառնալով նոր ձեռնադրուող դպիրներուն սրբազանը շնորհաւորեց անոնց եւ մաղթեց, որ անոնք անսասան մնան իրենց կոչումին եւ հաւատքին մէջ:
«Թող ձեր ծառայական կեանքը սկսի հաւատքով, յոյսով եւ սիրոյ ճանապարհով», պատգամեց առաջնորդ սրբազանը:
Խօսելով մարտիրոսացած սուրբերու մասին, սրբազանը յիշեց, թէ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ, եկեղեցին ամէն տարի յիշատակած է իւրաքանչիւր մարտիրոս սուրբի նահատակութիւնը: Սակայն, երբ տարուէ տարի նահատակներուն թիւը շատցած է, եկեղեցին որոշած է «Ամենայն Սրբոց» տօնով յիշատակել բոլորը: Մեր եկեղեցին ալ հետեւած է այս քայլին:
«Իսկ ի՞նչ է այթ բոլորին մէջ՝ պատգամը: Պարզապէս սուրբերու կեանքը իբրեւ օրինակ ունենալ: Մեր սուրբերը մեզի համար կենդանի օրինակներ են: Բոլոր սուրբերը զԱստուած սիրեցին ու Անոր հետեւեցան: Այս տօնն է, որ կը նշենք իբրեւ ուղղութիւն եւ կեանքի առաքելութիւն: Անոնք հաւատացին արդարութեան եւ ճշմարտութեան եւ դարձան վկաները Աստուծոյ: Այսօր մեր ուխտի վերանորոգման օրն է», շեշտեց առաջնորդը:
Իր պատգամի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը նուիրումով եւ խոնարհութեամբ ծառայելու ու մեր ապրելիք կեանքը, կատարելիք գործն ու արտասանելիք խօսքը լաւ մը խորհելով, կշռելով ու քննելով ու բարին ցանկալով ապրելու կարեւորութիւնն ու էականութիւնը շեշտեց:
«Ուխտի օրերը այս յիշեցումները կ՛ընեն մեզի», ամբողջացուց առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը, միաժամանակ փոխանցեց հայրական իր օրհնութիւնները ու ջերմ գնահատականները ներկայ հաւատացեալներուն, նոր ձեռնադրուողներուն, դպրաց դասին, կիրակնօրեայ եւ Ֆերահեան վարժարաններուն ներկայ եղող աշակերտութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ բոլոր սպասարկուներուն: Ան նաեւ օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք 50 տարիներ առաջ հաւատքով հիմը դրին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, նաեւ աղօթեց ներկայի սպասարկուներուն համար:
«Տէր Ողորմեա»էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան ծանուցեց, թէ այս պատմական օրուան առթիւ եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ պայծառացման համար եղած էին հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները.-
– Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Վարդ Պէրպէրեաններ՝ գեղեցիկ պահպանակով Ճաշու Աւետարան մը:
– Հանգուցեալ Լուսին Քահքէճեանի կտակին համաձայն՝ նոր բուրվառներ, քշոցներ, խնկամաններ, ճաճանչաւոր խաչեր եւ սկիհ մը:
– Տոքթ. եւ տիկին Կարօ եւ Լիտա Չաքեաններ կը հովանաւորէին դպրաց դասի նոր շապիկները:
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ հոգիներուն բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս գործեցին ու նուիրուածութեամբ ծառայեցին եւ առ յաւէտ բաժնուեցան:
Նոյնպէս, շրջանի ՀՄԸՄի հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար ալ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն տեղի ունեցաւ:
Ապա, շրջանի ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներու, արի-արենոյշներու հսկողութեամբ, թափօրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ համալիրի
«Աւետիսեան» սրահը, ուր պատրաստուած էր օրուան մատաղը, առաջնորդ սրբազանը հանդիսաւոր կերպով կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք բազմահարիւր ներկաներ հրաւիրուեցան գրաւելու սրահին մէջ տեղ գտած սեղաններու շուրջ, միասնաբար վայելելու օրուան մատաղը՝ սիրոյ ճաշը: Մատաղի արարողութեան աւարտին, երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայաստանի քայլերգը:
Ճաշէն ետք, գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, պատրաստուած եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան կողմէ:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմնիկ քհնյ. Խաչատուրեան, իր բացման խօսքին մէջ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, այսօրուան պատմական ու հանդիսաւոր սուրբ պատարագի իր մատուցման առթիւ: Ապա շարունակելով իր խօսքը ըսաւ.- «Մենք յաճախ խօսած ենք եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ պատգամներուն կարեւորութեան մասին, մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Խօսած ենք նաեւ նորահաս սերունդը եկեղեցւոյ մօտեցնելու մասին: Այս բոլորը կ՛ենթադրեն զոհողութիւն եւ անսակարկ նուիրում, որուն ցայտուն օրինակն է մեր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, իր դպրաց դասով, տիկնանցով, կիրակնօրեայով եւ ժրաջան հոգաբարձութեան կազմով: Կը հաւատամ, որ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբուած եւ աշխատող մեր բոլոր մարմինները իրենց առաքելութեան մէջ յաջողած են: Վկայ 50 տարուան մեր կտրած ճանապարհը»:
Հոգեւոր հովիւը շնորհաւորական խօսք ուղղեց նոր ձեռնադրուած սարկաւագներուն եւ ուրար ստացողներուն ու կատարեց իր բարի մաղթանքները: Նաեւ ան վեր առաւ առաջնորդ սրբազան հօր ցուցաբերած հայրական բարձր հոգատարութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը: Տէր հայրը յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն եւ յիշեց, թէ Շաբաթ 9 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 50 ամեակի յատուկ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը, նոյն սրահէն ներս:
Հայրական իր խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանը: Ան կիրակնօրեայի աշակերտներուն երգած շարականի բառերը մէջբերելով սկսաւ իր պատգամը. «Եկայք, շինեսցուք զսուրբ խորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի», եկէ՛ք, շինենք լոյսի սուրբ խորանը, որովհետեւ այնտեղէն Հայաստան աշխարհին մէջ լոյս ծագեցաւ։ Շարականին այս բառերը, այսօր, իբրեւ կենդանի վկայութիւն՝ այս արարողութիւններով ու տօնախմբութեամբ արտայայտեցինք եւ կեանքի վերածեցինք։ Ապա անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին եւ Էջմիածնի տաճարի իրականացման, ան ըսաւ. «Թագաւոր, հայրապետ եւ ժողովուրդ միասնաբար սիրով, հաւատքով շինեցին ու կերտեցին մեր հաւատքի տունը, ուրկէ մեզի համար ծագեցաւ լոյսը»:
Խօսելով քրիստոնէութեան առաջին շրջանին մասին, առաջնորդը պարզեց թէ իւրաքանչիւր մարտիրոսի վկայութեան տարեդարձը ու անոր կեանքի օրինակն ու հաւատքի կեանքը՝ մեզի համար ուխտի վերանորոգում դարձաւ, ուրեմն, «պէտք է վերանորոգուինք մեր հոգեւոր արթնութեան համար»:
Սրբազան հայրը նաեւ կոչ ու թելադրանք ըրաւ բոլորին՝ ապրելու նուիրումով, խոնարհաբար ծառայելով, Աստուծոյ ուշադրութիւնը գրաւելով, որովհետեւ Ան է մեծ դատաւորը:
«Ուխտի օրերը այս յիշեցումները կ՛ընեն մեզի: Ուստի, մաղթանքս, բաղձանքս ու փափաքս է, որ անաչառութեամբ ծառայենք, անսակարկ նուիրումով, ուշադիր ըլլանք մեր գործերուն ու արտասանած խօսքերուն ու խորհելով գործենք: Այս բոլորը մեզի ժառանգ են մեր սուրբերէն, մեր նախնիներէն ու մեր նուիրեալներէն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը, ապա եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր բոլոր նուիրեալներուն աշխատանքը մեծապէս գնահատեց եւ օրհնեց ու շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Նանօր Սէրայտարեան, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ իր հօրը՝ Յովիկ սրկ. Սէրայտարեանի, ջութակի վրայ նուագեց Կոմիտասէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն կտորներ: Ապա, Lilian Dance Group-ը հայկական երկու պարերով ելոյթ ունեցաւ։ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ տնօրէնուհի Սեդա Քէչէճեանի եւ ուսուցչուհիներ Զարուհի Քիլէճեանի ու Սիրան Հալաճեանի հսկողութեամբ, գեղեցկօրէն ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը եւ ապա յաջորդաբար հրամցուցին խմբերգներ. «Մեսրոպ Մաշտոց», «Էջմիածինի Մանկունք» եւ վերջապէս «Հայրապետական Մաղթանք»ը, խլելով ներկաներու գնահատանքի ու հպարտութեան ջերմ ծափողջոյնները:
Հանդիսաւոր արարողութիւնները եւ տօնահանդէսը վերջ գտան առաջնորդ հօր «Պահպանիչ»ով:
Բոլորին վարձքը եւ ուխտը կատար: