
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Հայ-թրքական սահմանի բացման պայմանները կը մնան անփոփոխ. այսպէս յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին առջեւ ելոյթի մը ընթացքին՝ պատասխանելով ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխանի մը հարցումին:
Իկտիրէն երեսփոխան Սինան Օղան ըսած էր, թէ Հայաստանի հետ սահմանին մօտերը երկաթուղային գիծեր վերաբանալու աշխատանքներ կը կատարուին՝ հարց տալով, թէ անոնք կապ ունի՞ն Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հարցին հետ:
Ըստ նախարարին՝ Հայաստան նախ պէտք է իր ուժերը դուրս բերէ Լեռնային Ղարաբաղէն, որպէսզի սահմանները բացուին: «Մենք աշխոյժ ջանքեր կը գործադրենք 2015ի ընդառաջ: Մեր պահանջը՝ Հայաստանի դուրս գալն է Ղարաբաղէն: Եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, ապա պիտի բացուին թէ՛ սահմանները եւ թէ երկաթուղին, ու կապերը պիտի ընդարձակուին: Սակայն մենք այս բոլորը պիտի ընենք Ատրպէյճանի հաւանութեամբ», աւելցուցած է Տաւութօղլու: