
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Նեւզատ Օնարան թուրք տնտեսագէտ մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր ուսումնասիրական աշխատանք կը տանի հայերու եւ յոյներու լքեալ գոյքերուն մասին ծանօթ կամ անծանօթ բոլոր տուեալները ի մի բերելու համար։ Պետական բազմաթիւ արխիւներու մէջ իր կատարած որոնումներուն որպէս արդիւնք, ան 2010ին «Պելկէ» հրատարակչատունէն հրատարակած էր ստուար հատոր մը, որ կը կոչուէր «Էմվալը Մեթրուք Օլայը» )«Լքեալ Գոյքերու Պատահարը»)։ Գիրքին ենթախորագիրն էր՝ «Օսմանեան կայսրութեան շրջանին ու հանրապետական շրջանին հայկական ու յունական կալուածներու թրքականացումը»։
Ինչպէս անունէն յայտնի է, այդ աշխատասիրութիւնը կ՛արծարծէր հայերու ու յոյներու ինչքերուն եւ կալուածներուն յափշտակութիւնը, որ կը ներկայացուէր որպէս ապրանքներու թրքականացում։
Օնարան անցած երկու-երեք տարիներուն ընթացքին ընդլայնած է իր այս նիւթը, որ իր կարծիքով՝ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ կատարուած մեծ անիրաւութեան մը պատմութիւնն էր։ Այժմ, աշխատասիրութիւնը վերածուած է երկու ստուար հատորներու՝ իրարմէ անջատելով Օսմանեան կայսրութեան շրջանը եւ Հանրապետական շրջանը։ Երկու նոր ծովածաւալ հատորներէն առաջինը կը կոչուի «Օսմանեան Շրջանին՝ Հայկական Եւ Յունական Ապրանքներու Թրքականացումը», իսկ երկրորդը՝ «Հանրապետութեան Շրջանին Հայկական Եւ Յունական Ապրանքներու Թրքականացումը»։
Առաջին հատորը, որ 550 էջերէ կը բաղկանայ, կը խօսի 1914-1919 թուականներուն մասին, իսկ երկրորդը, որ աւելի քան 700 էջերու վրայ տարածուած է, կը խօսի 1920-1930 թուականներուն մասին։
Օնարան անձամբ «Մարմարա»ի խմբագրատուն այցելած է Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին եւ յանձնած իր երկու ստուար հատորները, որոնք արդիւնք են իսկապէս շատ գնահատելի աշխատանքի։ Ան հետաքրքրական փաստաթուղթեր գտած ու ուսումնասիրած է, լուծած է հին օրէնքներու հին թրքերէն խրթին լեզուն ու մեկնաբանած այդ անիրաւ օրէնքներու ոգին ու մտայնութիւնը։ Լքեալ գոյքերու հարցը նիւթ մըն է, որուն մասին շատ կը խօսուի, սակայն որուն մասին այսքա՛ն տեղեկութիւն չկայ այլուր։
Երկու հատորները այս անգամ հրատարակուած են «Էվրենսել» հրատարակչատան կողմէ եւ յանձնուած են գրավաճառներու։
Օնարան իր այս աշխատանքը կը նկատէ մարդասիրական պարտականութեան մը արդիւնքը։ «Կը գնահատենք զինք ու անոր գործերը կը դնենք ուշադրութեանը տակ բոլոր անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեան այս շատ ցաւալի եւ անսրբագրելի նկատուած իրադարձութեամբ», կը գրէ «Մարմարա»: