ԼՈՆՏՈՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը, վկայակոչելով Էտուըրտ Սնոտընի հրապարակած փաստաթուղթերը՝ կը հաղորդէ, թէ բրիտանական յատուկ ծառայութիւնները Գերմանիոյ մէջ գաղտնօրէն կ՛ունկնդրեն գերմանացի քաղաքական գործիչներու խօսակցութիւնները։ Թերթին տուեալներով՝ Պերլինի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանատան տանիքին վրայ զետեղուած են յատուկ սարքեր, որոնց միջոցաւ կը կատարուի այս լրտեսութիւնը, որոնց թիրախն են քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ։
Դեսպանատունը խորհրդարանէն եւ վարչապետին գրասենեակէն քանի մը հարիւր մեթր հեռու է։
Լրտեսումի սարքերը դեսպանատան վրայ զետեղուած են 2000ին, իսկ անոնց իսկական նպատակը յայտնի է դեսպանատան սակաւաթիւ աշխատակիցներու միայն։
Բրիտանիացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, թէ իրենք չեն մեկնաբաներ հետախուզութեան մասին հարցեր, մինչ Գերմանիոյ իշխանութիւնները Լոնտոնէն բացատրութիւններ պահանջեցին թերթի հրապարակումին մասին։
Ամերիկա Պերլինի մէջ դադրեցուցած էր իր դեսպանատան տանիքին վրայ գտնուող գաղտնի ունկնդրութիւններու համանման կայանի մը աշխատանքը՝ նման բացայայտումէ մը ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.