
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Իրանի եւ «5+1»ի (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն 5 անդամները եւ Գերմանիան) միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները դրական յառաջխաղացք արձանագրած են: Ռուհանի Թեհրանի մօտ Աւստրիոյ դեսպանին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ շարունակուելիք քննարկումները զարգացնելու համար նոր ու կարեւոր քայլեր կ՛առնուին:
Մինչ այդ, Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Իրան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նախագահը Նոյեմբեր 11ին Թեհրան հրաւիրուած է, իսկ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ այցելութիւնը կատարելու:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին կոչ ուղղեց՝ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը կարճ ժամանակով մը յետաձգելու, որպէսզի պատժամիջոցները ամերիկեան բանակցային ռազմավարութեան համահունչ ըլլան: «Ներկայիս պարտաւոր ենք իրանեան նոր կառավարութեան կողմէ հնչող քաջալերական ոճին զգուշութեամբ մօտենալու», նշեց նախարարութիւնը:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքներն ու պատժամիջոցներու ճնշումը Իրանը մղեցին բանակցութեան սեղան նստելու՝ լրջօրէն քննարկելու համար իր հիւլէական ծրագիրի հարցը: