ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանն ու Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը խորացուցած են համագործակցութիւնը եւ ամրապնդած իրաւապայմանագրային հիմքը: Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքօ Երեւանի մէջ ստորագրեցին համագործակցութեան ամրապնդման յուշագիր: «Փաստաթուղթի ստորագրութեամբ մենք կը գործադրենք մեր չորս երկիրներու նախագահներուն որոշումները: Այդ յուշագիրի գաղափարը շատ պարզ է՝ հոն կան Մաքսային միութեան, միասնական տնտեսական տարածքին վերաբերող այն մտադրութիւնները, որոնց առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ զորս պաշտպանած են Մաքսային միութեան բոլոր երկիրներու նախագահները», դիտել տուած է Խրիսթենքօն:
Այս յուշագիրը կ՛ապահովէ Հայաստանի բոլոր կառոյցներու միացումը Մաքսային միութեան մարմիններուն՝ սկսած բարձրագոյն եւրասիական խորհուրդէն, մինչեւ եւրասիական տնտեսական յանձնաժողով: Ատիկա տեղեկատուութեան հասանելիութիւն է, կարելիութիւն՝ պաշտօնապէս առաջարկ ներկայացնելու այն որոշումներուն վերաբերեալ, որոնք կը քննարկուին Մաքսային միութեան մէջ՝ միասնական տնտեսական տարածքին մէջ: Խրիսթենքոյի համաձայն, փաստաթուղթը կ՛ենթադրէ Հայաստանի մնայուն լիազօր ներկայացուցիչի անդամակցութիւնը յանձնաժողովին, որ ձեւով մը պիտի ըլլայ ուղիղ ելեկտրոնային մուտք այն աշխատանքներուն, որոնք այսօր կը տարուին միասնական տնտեսական տարածքին մէջ: «Ասիկա կարեւոր բաղադրիչ է Մաքսային միութեան, միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի անդամակցութեան ճամբուն վրայ: Բացի ատկէ, մենք այսօր բարեյաջող կերպով աշխատած ենք նաեւ բարձրագոյն խորհուրդի որոշումներուն՝ փաստաթուղթերու պատրաստութեան գործընթացի իրականացման եւ ճանապարհային քարտէսի ձեւաւորման գործընթացին շուրջ եւ յաջորդ գագաթնաժողովին այս աշխատանքին վերաբերեալ մեր նախագահներուն ներկայացուելիք զեկոյցին առնչութեամբ: Մասնագէտները այսօր եւ վաղը պիտի աշխատին տարբեր երեւոյթներուն, տուեալներուն, կէտերուն շուրջ, բոլոր երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ հետագայ աշխատանքի եւ Մաքսային միութեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան ճանապարհային քարտէսի ուղղութեամբ», ընդգծած է Վ. Խրիսթենքօ:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ողջունած է Խրիսթենքօն եւ իրեն ընկերակցող մեծ խումբը։ «Մենք փորձագէտների, մեր մասնագէտների մակարդակով իրականացրել ենք մեծ աշխատանք: Մեր առջեւ այսօր ծառացած խնդիրն է գնահատել այն աշխատանքների ծաւալը, որը մենք պէտք է իրականացնենք, որպէսզի դառնանք Մաքսային միութեան, միասնական տնտեսական տարածքի լիարժէք անդամ», նշած է վարչապետը:
Այս խորհրդակցութիւնները կարելիութիւն կու տան գնահատել Հայաստանի ենթակառուցուածքներու, օրէնսդրութեան պատրասատականութեան մակարդակը: «Աշխատանքների ծաւալը, որը մենք պէտք իրականացնենք՝ նոր փաստաթղթերի ընդունումն է, համապատասխան ենթակառուցուածքների պատրաստուածութիւնն է՝ այն ստանադարտների համակարգին համապատասխան, որն առկայ է Մաքսային միութեան շրջանակներում: Այն խորհրդակցութիւնները, որոնք մենք այսօր անցկացրեցինք օգնում են մեզ ճշգրիտ գնահատել, թէ ինչպիսի աշխատանքներ մենք պէտք է իրականացնենք եւ ինչպիսի ժամանակահատուածում մենք կարող ենք այն իրականացնել», դիտել տուած է Տիգրան Սարգսեան:
Ստորագրուած յուշագիրը նախագահներու յանձնարարութեամբ աշխոյժ կապի, տեղեկատուութեան փոխանակման կարելիութիւն կու տայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.