ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 5 Նոյեմբերին Երեւանի կեդրոնը Շանթ Յարութիւնեանի կազմակերպած «Յեղափոխական պայքարը» վերածուեցաւ պենզինի շիշերու յեղափոխութեան, որ աւարտեցաւ ձերբակալութիւններով: Արձանագրուեցան վիրաւորներ: Տեղի ունեցածին մասին տարբեր կարծիքներ արտայայտուեցան, ոմանք ողջունեցին այս արարքները, իսկ ոմանք ալ այս քայլերը նկատեցին արկածախնդրութիւն, նոյնիսկ՝ խելայեղութիւն:
«Երկիր»ը այս գծով զրոյց մը ունեցած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի հետ՝ անոր տեսակէտը գիտնալու համար:
«Մեր երկրի վերջին տարիների ձեռքբերումներից է քաղաքացիական դիրքորոշում, իր իրաւունքների, պետութեան ապագայի համար պայքարող, այս իրավիճակին չյարմարուող՝ օրօրի աւելացող՝ յատկապէս երիտասարդ մարդկանց առկայութիւնը: Այսօր կացութիւնը եւ ներքին, եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ այնպիսին է, որ դժգոհութեան տարատեսակ դրսեւորումներն անխուսափելի են», նշած է Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ մէկն ալ 5 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր: Վարդանեան ըսած է, որ Դաշնակցութեան համար, սակայն, անհեռանկարային են անկազմակերպ, անընդունելի մեթոտներով կատարուած նման գործողութիւններ:
«Չբացառելով նաեւ հնարաւոր սադրանքի տարրերը՝ գտնում ենք, որ այդ ճանապարհը ոչ մի լաւ բանի չի կարող յանգեցնել: Հասարակութիւնը պէտք է ինքնակազմակերպուի եւ համակարգային բարեփոխումներ պարտադրի իշխանութիւններին բացառապէս սահմանադրական ուղիներով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս առումով իր մօտեցումները շարադրել է եօթ կէտանոց ծրագրի տեսքով: Մենք աշխատել ու աշխատելու է այդ ուղղութեամբ՝ մշտապէս ապաւինելով գիտակից, կազմակերպուած, պետութեան ճակատագրով մտահոգ քաղաքացիներին», յայտարարած է Վարդանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.