ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- «Հոկտեմբերի 20ին յայտնի դերասան Վարդան Պետրոսեանի մասնակցութեամբ մահացու ելքով ճանապարհային պատահարի վարոյթն իրականացնող նախաքննական մարմինը նրան ձերբակալելու որոշում է կայացրել». 6 Նոյեմբերին այս մասին հաղորդած են հայաստանեան լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով ոստիկանութեան հասարակութեան եւ լրատուութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հոկտեմբեր 20ին Եղուարդ-Երեւան ճամբուն վրայ Վարդան Պետրոսեանի վարած «Պի.Էմ. Տապլիու.» մակնիշի ինքնաշարժը բախած է «Նիվա» ինքնաշարժին. իբրեւ հետեւանք մահացած են երկու պատանիներ, եւ վիրաւորուած է երեք մարդ: Պետրոսեան ստացած է մարմնական վնասներ եւ ենթարկուած է վիրահատութեան: Ան քանի մը օր առաջ հիւանդանոցէն տուն փոխադրուեցաւ։ Դերասանը, որ նշանաւոր է իր կատակերգական մենաներկայացումներով, կը հերքէ իր հարբած ըլլալը կամ շատ արագ ինքնաշարժ վարելը. բան մը, զոր կը հաստատեն զոհերուն հարազատները եւ որոշ լրատուամիջոցներ: Ըստ աւելի ուշ տարածած լուրերուն, Պետրոսեան կրկին հիւանդանոց փոխադրուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.