
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կը շարունակէ ընդունիլ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումնագիրները: Հայութեան առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու իր առաքելութեան մէջ, միութիւնը կրթանպաստներ կը տրամադրէ նիւթական օժանդակութեան կարօտ հայ ուսանողներու, որոնք բժշկութիւն կ՛ուսանին ամերիկեան համալսարաններու մէջ: Կրթանպաստները ստանալու համար, ուսանողները պէտք է նաեւ ցոյց տան, թէ գործօն անդամներ են իրենց շրջանի հայկական համայնքին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիր ստանալու համար, այցելել միութեան համացանցային կայքը՝ www.aamsc.com:
Դիմումնագիրները պէտք է ուղարկուին մինչեւ Նոյեմբեր 15՝ AAMS, P.O. Box 32, Glendale, CA 91209 կամ info@aamsc.com հասցէներուն: