
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Իրանահայ միութեան գրադարանին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Երեւանի բնագիտութեան հիմնարկի Տիեզերական ճառագայթային բաժանմունքի գործունէութեան եւ ուսումնասիրութեանց նուիրուած ներկայացում մը: Ընթացքին պիտի դասախօսէ Անահիտ Երեմեանը, որ բաժանմունքին նեցուկ կանգող միջազգային յանձնախումբի անդամ է՝ Սթենֆըրտ համալսարանէն: