
ՄՈՆԹՐՈԶ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի թղթակից Տենիըլ Սիկըլ կը գրէ, թէ ոսկերիչ եւ ժամագործ Կարօ Անսըրլեան առաջին անգամ ժամացոյց մը պատրաստած է աւելի քան 40 տարի առաջ ու ապա շարունակած է իր աշխատանքը, երբ Պէյրութէն փոխադրուած է Մոնթրոզ, Քալիֆորնիա։ Սակայն Անսըրլեան չէր պատկերացուցած, որ իր աշխատանքը կրնար օր մը կապ ունենալ այլ մոլորակի մը հետ։
Սիկըլ կը գրէ, թէ 2004էն սկսեալ, Անսըրլեան պատուէրով ժամացոյցներ կ՛արտադրէ Հրատ մոլորակի ժամանակով՝ 24 ժամ, 39 վայրկեան ու 35 երկվայրկեան։ Նոյնիսկ հիմա, երբ ճարտարագիտութեան արդիականացումը նոր կարելիութիւններ ստեղծած է իր ժամացոյցներու առաջին գնորդներուն՝ գիտնականներուն ու ճարտարագէտներուն համար, Անսըրլեան կը շարունակէ ապսպրանքներ ստանալ, Հրատ մոլորակին հետ կապին շնորհիւ, այս անգամ՝ իւրայատուկ հաւաքածոներու տէրերէն եւ տիեզերագիտութեան սիրահարներէն:
Անսըրլեան կը յայտնէ, թէ երբ «Ճէյ.Փի.Էլ.»ի գիտնականները 2003ին իրեն առաջարկած էին Հրատի ժամանակով աշխատող ժամացոյց մը շինել, դէպի Հրատ գացած «Սփիրիթ» եւ «Ափըրթիւնիթի» տիեզերանաւերու մեկնումէն առաջ, չէ հաւատացած անոնց խնդրանքին։ «Անոնք կ՛ուզէին կատարելապէս աշխատող ժամացոյց մը՝ իրենց սահմանած իւրայատկութիւններով, եւ այդ պատճառով ալ կարծեցի, թէ անոնք կը կատակէին», կ՛ըսէ Անսըրլեան։
Անսըրլեան կը յայտնէ, որ 75-500 տոլար արժող այդ ժամացոյցներուն վաճառքը դանդաղած է վերջերս, սակայն տակաւին պատուէրներ կը ստանայ այդ ուղղութեամբ։