ՊԷՅՐՈՒԹ, «Տէյլի Սթար».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ին հաղորդուեցաւ, թէ լիբանանեան բանակը ձերբակալած է սուրիացի կասկածելի մը, որ Թրիփոլիի մէջ ալաուիներու դէմ Շաբաթ օրուան յարձակումի պատասխանատուներէն մէկը կը նկատուի: Հակառակ անոր, որ Թրիփոլիի մէջ շաբաթավերջին զինեալ բախումները կարելի եղաւ զսպել, Շաբաթ օր արձանագրուած էր քստմնելի արարք մը, երբ երկու դիմակաւոր զինեալներ կանգնեցուցած էին հանրակառք մը ու սիւննի ծայրայեղականներու հակակշիռին տակ գտնուող Պապ Թըպպանէի ներքին փողոցներուն մէջ կրակ բացած էին ճամբորդներու ոտքերուն վրայ՝ վիրաւորելով անոնցմէ վեցը: Լիբանանեան բանակը ուղղուած է դէպքին վայրը եւ վիրաւորները փոխադրած հիւանդանոց՝ միաժամանակ սկսելով հետապնդելու փախուստ տուած յանցագործները:
Նախագահ Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց այս արիւնալի միջադէպը եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի հետ՝ տեղեկանալով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն մասին:
«Հըզպալլա» հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Թըպպանէի մէջ գործուած արարքը դատապարտելի է եւ բոլոր լիբանանցիներուն ուղղուած շատ վտանգաւոր պատգամ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ երկիրին մէջ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումը ի՛նչ աստիճանի կրնայ հասնիլ: «Հըզպալլա» կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցին եւ դատական իշխանութիւններուն՝ յանցագործները ենթարկելու խստագոյն պատիժներու:
Երեսփոխան Մոհամմետ Քապպարա իր բնակարանին մէջ նախագահեց Թրիփոլիի երեսփոխաններուն հանդիպումին, որուն անունով ան դատապարտեց պատահարը եւ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն՝ հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը: Քապպարա դիտել տուաւ, որ այդ արարքը տարօրինակ է Թրիփոլիի բնակիչներուն համար:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւս դատապարտեց Ժապալ Մըհսեն շրջանի զաւակները թիրախ դարձնող այդ արարքը՝ շեշտելով, որ նման արարքներ Լիբանանի թշնամիներու շահերուն կը ծառայեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.