
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Պաքու այցելող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով պահանջեց պաշտօնական բացատրութիւն մը Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102րդ ռազմակայանի զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Անտրէյ Ռուզինսքինի կողմէ անցեալ շաբաթ կատարուած յայտարարութեան մասին:
Յիշեցնենք, թէ հրամանատարը յայտնած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանէն յարձակումի մը պարագային՝ ռուսական Հայաստանի ռազմական խարիսխը կրնայ ներգրաւուիլ ռազմական գործողութիւններուն մէջ:
Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով խոստացած է քննել հարցը՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ յայտարարութիւնը կրնայ սխալ հասկացողութեան մը հետեւանք ըլլալ: