
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Տրանսպորտի գինը միտում ունի դէպի բարձրացում, բայց ո՞վ ասաց, որ տրանսպորտը չպէտք է թանկանայ: Բոլոր տարբերակները քննարկւում են, յանձնաժողովն աշխատում է ծանրաբեռնուածութեամբ, բայց թափանցիկ ու հրապարակային», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէյեանը:
Ան նշած է, որ քաղաքային փոխադրութեան գինի հարցերով զբաղող յանձնաժողովը շուրջ մէկ ամիսէն պիտի աւարտէ իր աշխատանքները:
«Ամբողջ տրամաբանութիւնը յանգեցնում է նրան, որ այս սակագնով տրանսպորտ շահագործելն այլեւս անհնար է: Ինչպէ՞ս պիտի թանկանայ, ի՞նչ մեխանիզմներով, այս ամէնը յանձնաժողովը քննարկում է՝ արժեհաշուարկ, մեխանիզմներ, մեթոդաբանութիւն, միջազգային փորձ, կիրառման մեխանիզմներ, ամբողջը քննարկւում է: Նման պարագայում պէտք է գնալ դէպի սպասարկման որակի բարձրացման, երթուղային ցանցը պիտի վերանայուի, մեքենաների կահաւորանքը, մաքրութիւնը, ուղեւորահոսքի՝ ժամանակին սպասարկումը, չուերթի, չվացուցակի ժամանակին սպասարկումը, ժամացուցակն առանց խախտելու: Սա հանրային պահանջարկի երկրորդ կարեւորագոյն բաղադրիչն է», նշած է Կամօ Արէյեան՝ աւելցնելով, որ մեթրոյին վրայ պիտի չազդէ գիներու բարձրացումը։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հաւանակա՞ն է փոխադրութեան գինը սահմանուի 150 դրամէն աւելի՝ Կամօ Արէյեանը ըսած է. «Չեմ կարող ասել: Յանձնաժողով է նստած՝ մասնագէտներով, արժեհաշուարկ է իրականացնում… Ամէն հարց քննարկւում է: Աշխարհում դուք չէք գտնի այնպիսի երկիր ու քաղաք, որտեղ որեւէ ապրանքի, որեւէ ծառայութեան գնի մազաչափ անգամ թանկացումը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուի: Իսկ օրէնքի պահանջը երբ սկսուեց կիրառուել, կիրառուելու է բոլորի հանդէպ՝ ե՛ւ ակտիւիստի, ե՛ւ ոչ ակտիւիստի»: