ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայութիւնը կոչ կ՛ընէ Սպիտակ տան ու Քոնկրեսին, որ մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը յատկացնեն Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ տան նուիրուած պատմական գորգին:
Այս շաբթուան ընթացքին «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը գրած էր, որ Սպիտակ տունը մերժած է գորգը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ Դեկտեմբեր 16ին սկսելիք ցուցահանդէսին ցուցադրելու առաջարկը՝ անոր նախնական հաւանութիւն տալէ ետք:
Սպիտակ տան այս կամայական որոշումին դէմ արտայայտուելու եւ անոր փոփոխութիւնը պահանջելու համար, կարելի է այցելել www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=62978086 կայքէջը:
Գործը մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր Սպիտակ տան պահեստարանին մէջ կը մնայ: Կային յոյսեր, թէ անիկա պիտի ցուցադրուի նշեալ հիմնարկին մէջ տեղի ունենալիք՝ Յակոբ Մարթին Տերանեանի կողմէ նոյն այդ գործին մասին գրուած հատորի ներկայացման ձեռնարկին ընթացքին: Գորգը 1925ին նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Ցեղասպանութեան օրերուն Ուաշինկթընի եւ ամերիկացիներու կողմէ հայութեան մատուցուած աջակցութեանց համար:
«Սպիտակ տունը պէտք է յստակ բացատրութիւն տայ իր որոշումի պատճառներուն վերաբերեալ: Ժամանակն է, որ Սպիտակ տունը ընդունի Թուրքիոյ դերը եւ ներկայացնէ բոլոր փաստերը, թէ ինչո՞ւ կը խոչընդոտէ Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն գործած այս պատմական ու արուեստի տեսակէտէն արժէք ունեցող գորգին ցուցադրութիւնը «Սմիթսոնիըն»ի մէջ», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
«Սմիթսոնիըն»ի Ասիական մշակոյթի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Փօլ Թայլըր կը յայտնէ, թէ Սպիտակ տունը որեւէ բացատրութիւն չէ տուած իր որոշումին կապակցութեամբ՝ նշելով, որ նոյնիսկ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնի միջամտութիւնը արդիւնք չէ տուած:
Սպիտակ տունը անցեալ շաբաթ պարզապէս յայտարարած էր. «Ղազիրի գորգը կը խորհրդանշէ Միացեալ Նահանգներու եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները: Մենք կը ցաւինք, որ այս պահուն զայն կարելի չէ տրամադրել»:
Հոկտեմբեր 24 թուակիր ու նախագահ Օպամայի աշխատակազմի ղեկավար Տենիս ՄըքՏանայի ուղղուած նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան Սպիտակ տան յիշեցեցուցած էր, թէ գորգը ստանալու ընթացքին նախագահ Քուլիճ գրած էր. «Գորգը իր պատուաւոր տեղը ունի Սպիտակ տան մէջ, ուր անիկա աշխարհի մէջ բարի կամքի ամէնօրեայ խորհրդանիշը պիտի ըլլայ»: Խաչիկեան ապա իր կողմէն աւելցուցած է. «Նոյն ոգիով, կը խնդրեմ վերցնել որեւէ խոչընդոտ, որ կը խանգարէ պատմական նշանակութիւն ունեցող արուեստի այդ գործի ցուցադրումը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ»:
Խաչիկեան նաեւ կը նշէ. «Ընտրուելէն ի վեր, նախագահ Օպաման ոչ միայն չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլեւ գործնականօրէն խանգարած է այդ ոճրագործութիւնները ոգեկոչող օրինագիծերու վաւերացումը Քոնկրեսին մէջ եւ իր գլխաւոր հաւատարմատարին միջոցով պաշտօնապէս արգելած է ամերիկահայ քաղաքացիներուն, որ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ունեցուածքին վերաբերեալ պահանջներ ներկայացնեն ամերիկեան դատարաններու: Վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն կազմակերպած միջոցառումներուն ընթացքին՝ միաժամանակ մերժելով պարզապէս ներկայ գտնուիլ այդ ոճրագործութեան յիշատակին նուիրուած Քոնկրեսի նախաձեռնութիւններուն»:
Ըստ դոկտ. Յակոբ Տերանեանի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն գործած գորգը ունի մօտաւորապէս 11.5 ոտքով 18.5 ոտք ծաւալ ու բաղկացած է 4,404,206 հանգոյցներէ: Մերձաւոր Արեւելքի ընկերակցութեան Ղազիրի որբանոցի հայ որբուհիները զայն գործած են մօտաւորապէս տասը ամսուան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.