ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սուլթանահմետի մզկիթին իմամը դարձեալ պահանջեց, որ Այա Սոֆիան որպէս մզկիթ գործածուի։ Պոլսոյ գլխաւոր իսլամ քարոզիչ Մուսթաֆա Ագկիւլ, ակնարկելով Ժողովրդավարացման ծրարին՝ ըսաւ. «Շատեր իրենց ուզածը ստացան, բայց մենք ալ բան մը պիտի չուզե՞նք: Մենք կ՛ուզենք, որ Այա Սոֆիան այլեւս մզկիթի վերածուի։ Ինչո՞ւ ծրարին մէջ այս հարցը չկայ։ Այա Սոֆիան շատ մեծ ըլլալո՞ւն համար է, որ չէ մտած ծրարին մէջ։ Դեռ քանի՞ ծրարի պիտի սպասենք, որպէսզի Այա Սոֆիան մզկիթի վերածուի։ Բայց պիտի ըլլա՛յ»։
Ագկիւլի այս քարոզը տեղի տուաւ որոշ շրջանակներու բողոքին. անոնք կոչ ըրին Ագկիւլի՝ հեռու մնալու Այա Սոֆիայէն, որովհետեւ անիկա Պոլսոյ ամէնէն հին ու պատմական կառոյցն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.