ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Թացը չորից պիտի կարողանանաք զատել, գրողին՝ չգրողից, գրական արժէքն՝ անարժէքութիւնից: Լուրջ խնդիրներ ունենք լուծելու՝ ստեղծագործականից մինչեւ սոցիալական, ամէն ինչ անելու ենք միասին, որպէս մէկ ընտանիքի անդամ», յայտնած է Գրողներու միութեան նորընտիր նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը՝ հաստատելով, որ նախկին մրցակիցներուն հետ այլեւս խնդիրներ չկան: Գրողներու միութեան նախկին թեկնածու Յովիկ Հովէյեանը ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն ետք սեղմած է Էդուարդ Միլիտոնեանի ձեռքը ու շնորհաւորած զայն, իսկ Ռոմիկ Սարդարեանն ու Դաւիթ Սարգսեանը նոյնիսկ բաժակ բարձրացուցած են անոր հետ:
Գրողներու միութեան նորընտիր նախագահի պաշտօնավարման առաջին երեք օրերը արդէն իսկ յագեցած եղած են: Թէժ կիրքերով լի միութեան համագումարը այլեւս անցեալին կը պատկանի, միութիւնը արդէն նոր նախագահ ունի, որ լծուած է բարդ ու պատասխանատու աշխատանքի, բայց տպաւորութիւնները դեռ թարմ են։ Լրագրողները ուզեցին գիտնալ, թէ համագումարը ինչո՞ւ աղմուկ-աղաղակի մէջ տեղի ունեցած էր, կը տիրէր փոխադարձ վիրաւորանքներով լի, ծանր ու ամօթալի մթնոլորտ: Արդեօք հայ գրողը հրաժե՞շտ տուած է մտաւորականի կերպարին հարցումին ի պատասխան՝ Միլիտոնեան յայտնած է, թէ այդպէս չէ, բացի միայն առանձին պարագաներու, որոնք փորձեցին վարկաբեկել համագումարը:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը, ըստ Միլիտոնեանի, կամաւորներու միութիւն է՝ ով ուզէ կ՛անդամակցի, ով, որ չ՛ուզեր, ի վերջոյ, կրնայ հեռանալ միութենէն: Լրագրողները այսօր ընդգծեցին, որ հայ գրողը այսօր ընկերային իմաստով ծանր վիճակի մէջ է: Գրողներու միութեան ձեռքերը այս առումով կարճ են: «Հասարակական կազմակերպութեան կարգավիճակ ունեցող միութիւնը պետութիւնից մէկ դրամ անգամ չի ստանում, այնպէս որմօտ 400 գրողների սոցիալական խնդիրներն ինքնուրոյն լուծել չի կարող, բայց փորձում է անել այն, ինչ հնարաւոր է», յայտնած է Էդուարդ Միլիտոնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.