ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Մարսէլի քաղաքապետի Երեւան այցով երկու քաղաքների միջեւ առկայ փոխգործակցութիւնն ու գործընկերային կապերն էլ աւելի կ՛ամրապնդուեն ու կ՛ընդլայնեն համագործակցութեան շրջանակները»: 24 Հոկտեմբերին այս յայտարարութիւնը կատարած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան՝ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի ծերակուտական-քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Վերջինը՝ Երեւանի քաղաքապետին հրաւէրով, 23-27 Հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի:
«Իսկապէս ողջունելի է այն փաստը, որ Երեւանի եւ Մարսէլի միջեւ յարաբերութիւնները տարէցտարի աւելի զարգանում ու ընդլայնւում են, ինչի վառ ապացոյցը նաեւ այդ համագործակցութեան 21ամեայ պատմութիւնն է: Այսօր մենք կը թարմացնենք երկու քաղաքների միջեւ առկայ համագործակցութեան համաձայնագիրը, որով նոր թափ կը հաղորդենք փոխշահաւէտ գործակցութեանն ու նոր էջ կը բացենք գործընկերային յարաբերութիւնների մեր տասնամեակների պատմութեան մէջ», ընդգծած է Տարօն Մարգարեան՝ անգամ մը եւս վստահեցնելով, որ Ժան Քլոտ Կոտեն իսկապէս սպասուած եւ փափաքելի հիւր է Երեւանի մէջ:
Մարսէյի քաղաքապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ շատ կարեւոր նկատած է երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով Երեւանի քաղաքապետին ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու ջանքերը. «Մեր երկու քաղաքներու ներուժը այսօր իսկապէս շատ աւելին է, քան 21 տարի առաջ էր: Ստորագրուելիք նոր համաձայնագիրով, վստահ եմ, նոր թափ պիտի հաղորդուի երկուստեք համագործակցութեան, ու իրականացուելիք ծրագիրներուն մէջ պիտի ընդգրկուին քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներ», դիտել տուած է Ժան Քլոտ Կոտեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.