
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին, ՀՕՄի ընկերուհիներուն ու այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, տնային բռնութեանց դէմ պայքարի ամսուան առիթով նախաձեռնութիւններ իրականացան Կլենտէյլի Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող «Massage Envy» խանութին առջեւ, ինչպէս նաեւ Մոնթրոզի «Հարվեսթ» շուկայի ժամերուն, աջակցելու համար նման բռնութեանց զոհերու եւ նման բռնութեանց առաջքը առնելու նպատակով խրատներ փոխանցելու:
Կլենտէյլի ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղէն Արշակուհի Յակոբեան, Կլենտէյլի «Սորոփթիմիսթ» կազմակերպութենէն Քեթի Լեֆթքովից, Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն Թերեզա Ալեքսանեան ու Կլենտէյլի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամ Սեդա Խոճայեան:
Մոնթրոզի ձեռնարկին ներկայ էին Կլենտէյլի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամներ Տենիս Միլըր (ատենապետ), Լինտա Պըրն (փոխատենապետ) եւ Շերըն Ուայզմեն, յանձնաժողովի նախկին ուսանող անդամ Էվանթիս Միրզախանեան, իսկ ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղէն Մերի Մոսքոֆեան ու Մաքօ Սեդրակեան: