ԵՐԵՒԱՆ.– Շաբաթավերջինին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է՝ Տաւուշի սահմանամերձ գօտիին մէջ վերջերս ականի պայթումէն տուժած զինուորները շքանշանով եւ մեդալներով պարգեւատրելու մասին:
Քափիթեն Գէորգի Մնացականեանը (յետմահու), քափիթեն Արմէն Ծատուրեանը, աւագ հրամանատար Գարուշ Համբարձումեանը, աւագ հրամանատար Յովհաննէս Մուրադեանը, շարքային Նարեկ Յակոբեանը եւ շարքային Էդգար Յարութիւնեանը պարգեւատրուած են «ծառայողական պարտականութիւնները կատարելիս ցուցաբերած արիութեան եւ անձնական խիզախութեան համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.