
ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «ՓասատինաՆաու».- Փասատինայի հայութիւնը Կիրակի, Հոկտեմբեր 13ին, «Քաֆէ Սանթորինի» ճաշարանին մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, առիթ ունեցաւ տօնելու Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը Փասատինայի մէջ կառուցել արտօնող քաղաքապետութեան որոշումը:
Նաեւ, յուշարձանի կառուցման ծախսերուն համար իբրեւ դրամահաւաքի ձեռնարկ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքա, Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարթ, քաղաքի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, նախկին քաղաքապետ ու ներկայիս Փասատինայի քաղաքային քոլեճի հոգաբարձութան անդամ Պիլ Թամսըն եւ նախկին քաղաքապետ Ուիլեըմ Փափարեան:
Ներկաները վայլեցին Սալբի Գերգոնեանի սրինգին եղանակները:
Յիշեցնենք, թէ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը Սեպտեմբեր 9ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է քաղաքի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու որոշումը: Յուշարձանը կառուցելու նպատակով կազմուած յանձնախումբի անդամներէն են՝ Ուիլեըմ Փափարեան, Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պեռնար Մելեքեան եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:
Յուշարձանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.pasagmc.org կայքը: