
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».– ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Առաջին լրատուական»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յանձնառու է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման գծով՝ հակառակ որոշ արտայայտութիւններու։ Ան նշեց, որ այդ մասին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրոպահայերու միութեան երրորդ համագումարին ընթացքին։
«Արդէն այդ ուղղութեամբ համայնքն աշխատանքներ է կատարում համապատասխան կառոյցների հետ, որ նուազ խոցելի, եթէ չասենք՝ բոլորովին անխոցելի օրինագիծ ներկայացուի եւ ի վերջոյ՝ դարձեալ որդեգրուի, բայց այս անգամ յանկարծ հակասահմանադրական չհամարուի: Թէեւ աշխատանք է տարւում այդ ուղղութեամբ, բայց դա չի նշանակում՝ իշխանութիւնում բոլորը համաձայն են, որ այդպէս լինի, դրա համար էլ առիթ առ առիթ հայ համայնքը կարիք է զգում իր մտահոգութիւնները բարձրաձայնելու այս կամ այն պաշտօնեայի ասածների շուրջ», նշեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու ջերմացման եւ այսպիսի օրինագիծի որդեգրման միջեւ, Մանոյեան նշեց, որ այդ մտահոգութիւնը միշտ ալ եղած է, սակայն հայ համայնքը առնուազն վստահ է, որ ինք կրնայ աշխատանքը շարունակել եւ յաղթահարել այսպիսի դժուարութիւններ։
Նախապէս նշուած էր, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը դժգոհ է թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու նոր ջերմացումէն։ Մտահոգութեան առիթ հանդիսացած է Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի արդիւնաբերական վերածնունդի նախարար Առնօ Մոնթեպուրկի կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ֆրանսա կը
փափաքի այդ երկրին հետ ստեղծուած անհարկի լարուածութենէն ետք նոր յարաբերութիւններ հաստատել, քանի որ այդ գերլարուած յարաբերութիւնները անհանգստութիւն կը պատճառէին Ֆրանսային։
Այս արտայայտութիւնը նպատակ ունի վերջ տալու այն լարուածութեան, որ կը շարունակուի Վալերի Պուայէի կողմէ օրէնսդիրին ներկայացուած օրինագիծին, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրեկանացնող օրէնքի նախագիծի քուէարկութենէն ի վեր։ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ազգային բիւրօն կը զգուշացնէ, որ ֆրանսական կառավարութիւնը յարաբերութիւններ կը մշակէ պետութեան մը հետ, որ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան հեղինակն է, սակայն նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ այս յարաբերութիւնները կը նպաստեն Թուրքիոյ՝ ճիշդ ուղիին վրայ կանգնելու, արդարութեան ճամբան ընտրելու եւ ոչ թէ կ՛ուղղուին Ֆրանսայի մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ բարոյական արժէնքներուն դէմ։