
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցաւ Պաքու այցելող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ՝ քննելով Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին առնչուող հարցեր. այս մասին կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ սպասարկութիւնը:
Շաբաթ օր, իր երդմնակալութեան երրորդ արարողութեան ընթացքին, Ալիեւ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը կը մնայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը՝ ցաւ յայտնելով, որ հակամարտութիւնը լուծուելու ջանքերը ցարդ չեն կրցած յաջողութեամբ պսակուիլ՝ անոր հիմնական պատճառները «Հայաստանի ապակառուցողական դիրքորոշումն ու միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը» նկատելով:
Ակնարկելով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հարցին՝ Ալիեւ պնդած է, թէ «նոյնիսկ կարելի չէ խօսիլ որեւէ զիջումի մը մասին»:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարեց, թէ առայժմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններ չեն կատարուիր, այլ միայն անջատ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան: «Բանակցութիւններու համար կը պահանջուի կողմերու պատրաստուածութիւն: Մեր կարծիքով՝ հակառակ կողմը պատրաստ չէ բանակցելու: Իմ անձնական դիրքորոշումը այն է, որ անիմաստ է հանդիպումներ կայացանել պարզապէս հանդիպելու համար», եզրակացուցած է Ազիմով: