ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Տոքթ. Ռաֆֆի Գարամանուկեան կը տեղեկացնէ, թէ տասնամեակներէ ի վեր Ստեփանակերտի Հանրապետական կեդրոնական հիւանդանոցը եղած է Արցախի մէջ բժշկական ու վիրաբուժութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին, ուր որակաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցուին, հակառակ շարք մը սահմանափակումներու, յատկապէս՝ արդի արհեստագիտութեան եւ գործիքներու պակասին:
Վիրաբոյժներ Ռաֆֆի եւ Հրաչ Գարամանուկեանները Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն Արցախ մեկնած են, Սեպտեմբեր 24ին տեղի ունեցած հիւանդանոցի վերաբացումին ներկայ ըլլալու համար: Անոնք իրենց հետ տարած են նոր գործիքներ եւ սարքաւորումներ՝ նպաստելու համար հիւանդանոցը արդիականացնելու արշաւին: Նոր գործիքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ դէմքի եւ մարմինի այլ մասերու վերականգման աւելի բարդ ու ճշգրիտ գործողութիւններ իրականացնել հիւանդանոցին մէջ:
«Հիւանդանոցին մէջ մասնագիտութեան մակարդակը հիանալի է, սակայն վիրաբուժական եւ ախտաճանաչման գործիքներու պակասը կը սահմանափակէ տեղւոյն բժիշկներու աշխատանքը», կը յայտնէ տոքթ. Հրաչ Գարամանուկեան:
«Ստեփանակերտի վիրաբոյժները լաւապէս մարզուած ու կարող են», կ՛աւելցնէ տոքթ. Ռաֆֆի Գարամանուկեան, նշելով, որ հիւանդանոցին հետ իրենց գործակցութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ Արցախի առողջապահութեան փոխնախարար տոքթ. Կարէն Ղուկասեանը, որ մասնագէտ վիրաբոյժ մըն է:
Վիրաբոյժներ Ռաֆֆի եւ Հրաչ Գարամանուկեանները արդէն իսկ քանի մը առիթներով Արցախ այցելած են ու կը շեշտեն, թէ Արցախի մէջ բժշկութեան արդիականացումը իրենց առաջնահերթութիւններէն մէկը կը մնայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.