
ԵՐԵՒԱՆ.– «Եւրախորհրդարանի ներկայացուցիչները զարմացած են Մաքսային միութեանն անդամակցելու Հայաստանի անակնկալ որոշումից»: 18 Հոկտեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը՝ անդրադառնալով Եւրոպահայերու երրորդ համագումարին ընթացքին քննարկուած հարցերուն:
Ըստ Մանոյեանի՝ Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն դիրքորոշումը հիասթափեցուցած է եւրոպահայերը, որոնք իրենց կարգին դժգոհած են, որ Եւրոպական խորհուրդը անհրաժեշտ քայլերու չէ ձեռնարկած՝ Հայաստանին աջակցելու տարբեր առումներով, ինչպէս՝ տնտեսական։ Մանոյեան նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ ամրապնդելու եւրոպահայերուն հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւնները։
Մանոյեան կարեւոր նկատած է Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը, քանի որ այնտեղ արծարծուած հարցերը օրակարգային են նաեւ Հայաստանի մէջ. «Նախորդ երկու համագումարները տեղի են ունեցել 2004ին եւ 2007ին, ուստի այս համագումարը խիստ կարեւոր էր նաեւ վեց տարուայ լռութիւնից յետոյ», հաստատած է Մանոյեան։
Մանոյեան նշած է, որ համագումարի առաջին օրը կատարուած է ներքին հայկական քննարկում, որը կայացած է Հայ տուն մշակութային կենդրոնին մէջ: Երկրորդ օրը քննարկումները տեղի ունեցած են Եւրախորհրդարանի շէնքին մէջ, անոր մասնակցած են նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներ: Համագումարին թէ՛ առաջին, եւ թէ երկրորդ օրերուն մասնակցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը, փոխվարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը:
Համագումարի առաջին օրը քննարկուած են Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առնչուած հարցեր, ընդ որում՝ շեշտը դրուած է ճանաչումէն հատուցման խնդիրին անցնելու ժամանակին հասած ըլլալուն վրայ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն հարցին, թէ եւրոպահայ համայնքները զարգացնելու, կազմակերպելու ինչ կերպար պէտք է յառաջ մղուի: Քննարկուած են թուրք-ատրպէյճանական լոպիիստական կազմակերպութիւններուն աշխատանքները Եւրոպայի մէջ, անոնց հակադարձելու կարելիութիւնները, նշուած է, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ համագործակցիլ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ: Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, æաւախքի խնդիրները՝ կարեւոր նկատելով այս նիւթերով յատուկ խորհրդաժողովի կայացումը:
Մանոյեան յայտնած է, որ համագումարի երկրորդ օրուան ընթացքին քննարկուած հիմնական նիւթերէն եղած է Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը։ Քննարկման մասնակցած են հայ, ինչպէս նաեւ օտար փորձագէտներ եւ զեկուցողներ։ Կիրօ Մանոյեան ընդգծած է, որ հիմնական շեշտը դրուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման ինքնանպատակ չըլլալուն վրայ, այլ անով կարելի է հասկնալ նաեւ հատուցում, որուն որոշ կարելիութիւններուն մասին տեսակէտներ արտայայտուած են:
Ըստ Մանոյեանի՝ երկրորդ նիւթը եղած է շրջանի, մասնաւորաբար Հայաստանի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ։ Ան նշած է, որ այս ծիրին մէջ քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Մանոյեան մասնակիցներէն առանձնացուցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի դիրքորոշումը, որ նշած է, թէ անհրաժեշտ է Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած լուծման ծրարը միասնական ծրար է եւ կարելի չէ ատիկա առանձնացնել։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ մինչեւ 100ամեակի աւարտը Թուրքիա պիտի չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան նշեց, որ 100ամեակին ընդառաջ Թուրքիա անպայման քայլեր պիտի առնէ՝ իր վրայ եղած ճնշումները մեղմացնելու համար, որպէսզի ցոյց տայ, թէ որոշ հոլովոյթ կայ Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ։ «Չեմ կարծում, որ Թուրքիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցում կարելի է որեւէ բան ակնկալել մինչեւ 2015ը՝ յատկապէս հաշուի առնելով այն, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնների կամ քրտական հարցի առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չի կատարել, եւ այդ հարցերը իրենց լրումին չի հասցրել»:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Թուրքիա անընդհատ ծրագիրներ կը մշակէ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ երկիրին մէջ եւ անկէ դուրս կարգ մը քայլերու կը դիմէ, սակայն խորքին մէջ ոչինչ կ՛ընէ։
Անդրադառնալով Զօրի Բալայեանի նամակին՝ Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Զօրի Բալայեանին պէտք չէ մեղադրել իր տեսակէտը յայտնելու մէջ: Նա այդ տեսակէտը 25 տարուց աւելի է ունի եւ յայտնում է»:
Սակայն, ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը այդ դիրքորոշումը չի կիսեր, փոխարէնը համաձայն է Զօրի Բալայեանի՝ փանթուրքիստական վտանգի եւ սպառնալիքներուն մասին ահազանգին: Զօրի Բալայեան ասոնցմէ պաշտպանուելու ձեւը կը նկատէ Հայաստանի ու Արցախի Ռուսիոյ կցորդ ըլլալը:
Մանոյեանի կարծիքով, Ռուսիան պէտք է ընդունել որպէս մեր ռազմավարական դաշնակիցը. «Ռուսաստանը Հայաստանի կարիքն ունի առնուազն այնքան, որքան Հայաստանը՝ Ռուսաստանի կարիքը»: