ԹԱՒՐԻԶ.- Հոկտեմբերով բացուող Հայ մշակոյթի ամիսը, որուն բարձրակէտը կը հանդիսանայ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը, յատուկ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ:
Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8ին, Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ Ազգային վարչութեան, կազմակերութեամբ Թաւրիզի Հայոց Ազգային դպրոցի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին, հոգաբարձութեան եւ ծնողական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ մշակութային յատուկ ժողովրդային հանդիսութիւն: Ներկայ էին Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ծնողական խորհուրդի կազմերը, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ մշակութասէր բազմութիւն:
Հայ մշակոյթի թագն ու պարծանքը հանդիսացող հայոց լեզուի փառաբանանքին նուիրուած սոյն հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց հայերէնի ուսուցչուհի Լուսիկ Ոսկանեան-Դանղեանը, հայ աշակերտութեան կողմէ մատուցուող ուղերձը, ասմունքներն ու երգերը ձօնելով հայոց այբուբենի գիւտարար Մեծ Մաշտոցին:
Գեղարւեստական յայտագիրի աւարտին, յատուկ պատգամով հանդէս եկաւ դպրոցի տեսչուհի Արմինէ Վահրամեան: Ան յատկապէս շեշտեց հայ ուսուցիչի անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ «զոր գնահատելու համար տարուան բոլոր օրերը երեւի չեն բաւեր, որովհետեւ համաշխարհային հարթիչ գլանի ներքոյ կը կատարէ այնքան գեղեցիկ աշխատանք, եւ դուք տեսաք որ նոյնիսկ մեր առաջին բաժանմունքը յաճախող երեխաները, այս նոր խօսքերը, իրենց դպրոց յաճախելու այս առաջին 10 օրերուն ընթացքին այնքան գեղեցիկ կարողացան ներկայացնել», ըսաւ ան:
Գեղարւեստական ծրագիրի ընթացքին ելոյթ ունեցան աշակերտները հաւաքաբար, ներկայացնելով հայոց լեզուի ծննդոցը՝ Ս. Մեսրոպի ու բոլոր թարգմանիչ վարդապետներու կատարած վեհ գործը, բեմական յատուկ արուեստով ղեկավարելով յայտագիրը: Անոնցմէ ոմանք ասմունքով ու երգով հանդէս եկան, ինչպէս նաեւ կատարեցին մայրենի լեզուին նուիրուած խմբերգներ, ղեկավարութեամբ Նարինէ Սայադեանի: Նշենք որ ամբողջ հանդիսութեան տեւողութեան, բեմը զարդարուած էր կենդանի պատկերով, կազմուած դպրոցի աշակերտներէն՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը ունենալով կեդրոնը, երկնային օգնութիւն ստանալու դիրքի մէջ, անոր շուրջը Պատմահայր Մովսէս Խորենացին ու Եղիշէն, մագաղաթներ իրենց ձեռքին, իսկ Մաշտոցի ոտքերուն քով ծնրադիր՝ վարքագիր Կորիւն Սքանչելին:
Աւարտին, թեմակալ առաջնորդը տուաւ իր պատգամը, շեշտելով հայ դպրոցի անզուգական դերը համայնքներու առողջ պահպանման գործին մէջ. «Այնպիսի առաքելութիւն է վերապահուած հայ դպրոցին, տուեալ գաղութի մէջ, որուն կ՛անդրադառնանք այն ատեն, երբ կը կորսնցնենք այդ հարստութիւնը: Հայ դպրոցը կենսատու սիրտն է տուեալ գաղութին: Այնտեղ, ուր հայ դպրոց գոյութիւն չունի, մութ է այդ հայ գաղութի ապագան: Այսօր հազար փառք Աստուծոյ, որ Ատրպատականի մէջ կը պահենք մեր դպրոցները, հայ տեսուչներով ու հայերէն լեզուի եւ կրօնքի դասապահերով, ու մանաւանդ հայախօս աշակերտութեամբ… Սա առանձնաշնորհման արժէքը պէտք է իմանալ, եւ իբրեւ գանձ պահպանել»: Ապա գնահատելով աշակերտներու բեմական շնորհքն ու հայերէնագիտութեան կարողութիւնները, ան ըսաւ. «Այսօր մեր երեխաները մեր ուսուցիչները դարձան: Անոնք սորվեցուցին մեզի աւելի՛ սիրել մեր մշակոյթը՝ մեր լեզուն, Մեսրոպաշունչ մեր տառերը, հայ արուեստը՝ երգն ու երաժշտութիւնը»: Վերջապէս ան կոչ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին տէր կանգնելու ազգային վարժարաններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
It’s heartening to read that Iranian Armenians, particularly ,”Tavrizahayutun@” are doing their utmost to keep their identity by celebrating their culture and language. Bravo!