ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր բոլոր հիմնարկներով ու ստորաբաժանումներու կատարած աշխատանքներով 15 Հոկտեմբերին ցուցահանդէսով տօնեց իր հիմնադրման 70ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ եղած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը, տարբեր երկիրներէ ժամանած պատուիրակներ, հայ եւ արտասահմանեան ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ, ակադեմիկոս Արամ Սիմոնեանը՝ շնորհաւորութիւն յայտնելով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնադրութեան յոբելենական 70ամեակը, կարեւոր նկատեց անոր դերն ու արժէքը եւ շեշտեց, որ միակ փափաքը այն է, որ ակադեմիան միշտ բարձր դիրք գրաւէ, ինչպէս միշտ եղած է: «Իսկ դրա համար անհրաժեշտ է, որ ակադեմիայի բոլոր անդամները լինեն առողջ, երջանիկ, ստանան բարձր վարձատրութիւն, որպէսզի բացի գիտութիւնից ոչնչի մասին չմտածեն», յայտնեց Արամ Սիմոնեանը:
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փօլ Հայտոսթեան նշեց, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար մեծ պատիւ է ունենալ նման կառոյց եւ նշել անոր հիմնադրութեան 70ամեակը: «Այս հպարտութեան շարունակութիւնն է նաեւ մեր համալսարանը, քանի որ անիկա ընդամէնը մէկուկէս տարի ետք պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60ամեակը: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան մեզի՝ Սփիւռքի մէջ միակ հայկական համալսարանին համար, եղած է միտքի ու մշակոյթի վեհ արժեհամակարգ», յայտնեց Հայտոսթեան՝ աւելցնելով, որ ակադեմիան այն կառոյցն է, որ կրնայ հայոց լեզուն, մշակոյթն ու գիտութիւնը տարածել աշխարհով մէկ ու ստիպել ճանչնալու մեր երկիրը:
«Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայով անպայման անհրաժեշտ է հպարտանալ, քանի որ անիկա տուած է այնպիսի նշանաւոր մարդիկ, որոնք կը կապուին ակադեմիայի պատմութեան հետ», հաստատեց Սանթ Փեթերսպուրկի Էրմիտաժ թանգարանի տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքին:
Անոր համաձայն, համալսարանի բարի անուան մէջ մեծ ներդրում ունին նաեւ երիտասարդ գիտնականները, որոնք աշխոյժ եւ հիանալի աշխատանք կը տանին այսօր: Ան վստահեցուց, որ այս կառոյցը Հայաստանի հպարտութիւնն է: Անոր համաձայն, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի մակարդակը աւելի բարձր է, քան Ռուսիոյ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեդարձին առիթով հրատարակուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւնների ազգային ակադեմիան 70 տարում» գիրքը՝ հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Նշենք, որ ակադեմիան հիմնադրուած է 1943 թուականին: Անիկա մասնաճիւղեր ունի Գիւմրիի, Սեւանի, Գորիսի, Վանաձորի ու Կապանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.