ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Թրքական «Այքըրը Տողրուլար» համացանցային թերթը կը գրէ, թէ հայ լրագրող մը՝ Ճեւաթ Սինեթ, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուած էր, քաղաքական ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է Պելճիքայի իշխանութեանց: Լրագրողը Պելճիքա հասած է իր կնոջ եւ նորածինին հետ:
Լրագրողը թիրախ առնող այս հալածանքներուն պատճառն են հայ երիտասարդ Սեւակ Պալըքճըի՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, 2011ի Ապրիլ 24ին, թուրք զինուորի մը կողմէ սպանութեան մասին Ճեւաթի կատարած բացայայտումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.