
3-7 Հոկտեմբեր, Լոնտոնի մէջ գումարուեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Շահէ վրդ. Անանեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Ժողովին ատենապետեցին Նարեկ սրբազանը եւ Ճեֆրի Ռաուլ եպիսկոպոսը:
Ժողովականները քննարկեցին Ս. Հոգիի բխման վարդապետութիւնը եւ 2002ին ստորագրուած քրիստոսաբանական համաձայնագիրը:
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերին, ժողովականները այցելեցին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, ուր երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին աղօթեցին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ համայնքի հաւատացեալներուն հետ ընթրեցին:
Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, ժողովականները ներկայ գտնուեցան Անկլիքան Ս. պատարագին, ապա ճաշի հիւրը եղան Քենթըրպըրիի նորընտիր արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուելպիին:
Յանձնախումբի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 13-17 Հոկտեմբեր 2014ին, Գահիրէի մէջ: