ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ 8 Հոկտեմբերին վերսկսաւ «Հարսնաքար»ի գործով դատական նիստը, որուն ընթացքին, ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր, խօսքը տրուած էր տուժող կողմին։ Ճառով հանդէս պիտի գար տուժողին ներկայացուցիչը՝ Աւետեաններու փաստաբան Տիգրան Եգորեանը:
Սակայն նիստը բոլորովին այլ ընթացք ստացաւ, երբ ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեան անակնկալ կերպով ըսաւ, թէ կ՛ուզէ լրացուցիչ ցուցմունք տալ: «Խնդրում եմ ինձ հնարաւորութիւն տուէք, ես ուզում եմ ճիշդը բացայայտել», նշեց ան:
Նորայր Հայրապետեանի պաշտպան Երեմ Սարգսեանը դատարանին մէջ յայտնեց, որ ամբաստանեալին այս դիրքորոշումը իրեն համար եւս անակնկալ էր, ուստի խնդրեց քիչ մը ժամանակ տալ իրեն: Դատական նիստը ընդմիջուեցաւ, ապա ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեան յայտարարեց, որ Վահէ Աւետեանին հարուածողը ինքն էր: «Հարուածեցի, յետոյ շուռ եկայ, որ տեսնեմ՝ ինչ է կատարւում, Վահէ Աւետեանի կողքից խփողն էլ ես եմ եղել», հաստատեց ան։
Ամբաստանեալը յայտարարեց, որ կռիւ ծագած էր իր եւ Վահէ Աւետեանի միջեւ: Ըստ Հայրապետեանի, «Վահէն վերջում ընկած է եղել գետնին, սակայն դեռ տեսնում եւ լսում էր»:
Այսպիսով ամբաստանեալ Ն. Հայրապետեանը պատասխանատուութիւնը ստանձնեց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.