
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախ է յայտարարելու, թէ առ ի շնորհակալութիւն ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի 15,000 տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութեան, այսուհետեւ ՀՕՄի Հաշուապահական բաժինի գրասենեակը, ի պատիւ առատաձեռն բարերարի մօրը, պիտի կրէ «Մանուշակ Սողոմոնեան» անունը՝ համապատասխան յուշատախտակով մը սենեակի մուտքին։
Այս առթիւ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան իր երախտագիտական խօսքը կ՛ուղղէ յանուն միութեան բոլոր անդամներուն՝ շեշտելով այն իրողութիւնը, թէ հարիւրամեայ ՀՕՄի ազգանպաստ գործունէութիւնը՝ սփիւռքեան թէ հայրենի տարածքներէ ներս, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց համակիր նուիրատուներու եւ բարերարներու առատաձեռն օգնութեան: Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակներէն մին է Հրայր Սողոմոնեանի՝ որ այս տարի Արամ Ա. վեհափարէն ստացաւ «Կիլիկեան Իշխան» պատունշանը, նշանակելի նիւթական աջակցութիւնը, որ նման այլ ներդրումներու կողքին, կարելի կը դարձնէ ՀՕՄի այլազան ծրագիրներու արդիւնաւէտ ընթացքը։
Մանուշակ Սողոմոնեան, որուն անուամբ այսուհետեւ պիտի ճանչցուի Պոսթընի մեր գրասենեակի հաշուապահական ենթաբաժինը, 1949 թուականէն սկսեալ ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան Քեսապի, Հալէպի, Լիբանանի ու Քանատայի միաւորներէն ներս։ Ընկերուհին 1995էն մինչեւ օրս կ՛անդամակցի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին՝ անսակարկ նուիրումով սատարելով Միութեանս ազգանուէր ծրագիրներու գործադրման ու արժանանալով իր գործակիցներու անխառն գնահատանքին ու յարգանքին։