
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 8 Հոկտեմբերին գումարած է նիստ մը՝ օրակարգի վրայ ունենալով հիմնական 4 հարցեր.
Առաջին հարցով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին գնահատականը:
Երկրորդ հարցով Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակէն բխող Հայաստանի նախագահին հրամանագիրը։
Երրորդ հարցով Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է «Արձագանգ 2013» հրամանատարական–ղեկավարման մարմիններու մարզումներուն առնչուած յանձնարարականները:
Այնուհետեւ նախարարութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են զեկոյցներ՝ «Արձագանգ 2013» զօրավարժութիւններուն առնչուած:
Նիստին մասնակից նախարարները բոլորը հագած էին ռազմական հանդերձանք: