ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը, ամէնէն մեղմ բնութագրումով՝ անհանգստացուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները: Այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ, Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը, Պաքուի իր տէրերուն առջեւ արդարացուելու նպատակով, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր «Ամօթալի ձախողութիւն» կ՛որակէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ իրականացուած սոյն շրջապտոյտի կազմակերպումն ու ընթացքը:
Սոյն հաղորդագրութեան մէջ ատրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը կը փորձէ համոզել, թէ պատուիրակութեան կազմին մէջ «միայն երեք ոչ հայեր»ու ընդգրկումը ապացոյց մըն է, որ Հայ Դատի յանձնախումբը չէ կրցած խաբել ամերիկացի պաշտօնատարները՝ զանոնք «գրաւուած տարածքներ» տանելու իր դաւադիր ծրագիրը իրականացնելու համար: «Մենք կը յուսանք, որ հինգ ամիսներու ծրագրաւորումէ, հարիւրաւոր հեռախօսազանգերէ, պաշտօնատարներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներէ ետք այսպիսի ձախողութեան մը մատնուիլը, դաս ըլլայ հայկական լոպիին, որպէսզի անդրադառնայ, թէ միշտ չի կրնար իր ցեղապաշտական ոգիով կատարած քարոզչութիւնը տեղ հասցնել», կ՛ըսուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ:
«Ասպարէզ» օրին տեղեկագրեց Քալիֆորնիոյ պատուիրակութեան այս այցելութեան մասին: Միայն այն փաստը, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի նախագահ Ճան Փերեզը, բաւարար էր պարզելու մեկնող խումբին քաղաքական կշիռը եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ազդեցութեան շրջանակը:
Ի մեծ յուսախաբութիւն ատրպէյճանական հիւպատոսարանին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր քաղաքական գործերու շարքին, այսպիսի բազմաթիւ «ձախողութիւններ» արձանագրելէ պիտի չհրաժարի երբեք: