
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Աշխատավարձերի բարձրացումը հանրապետութիւնում կրելու է շարունակական բնոյթ. մշակուելու է աշխատավարձերի բարձրացման յառաջիկայ հինգ տարիների ռազմավարութիւն», հաստատած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ջերմուկի մէջ 3 Հոկտեմբերին սկսած Գիւղական համայնքներու երրորդ համաժողովին ընթացքին:
«Կառավարութեան ծրագրով՝ մեր երկրում նուազագոյն աշխատավարձը փուլ առ փուլ բարձրացուելու է, մտադիր ենք մինչ 2017 թուականը այն հասցնել 70 հազար դրամի, այսինքն՝ նուազագոյն աշխատավարձը շօշափելիօրէն կը բարձրանայ», նշած է վարչապետը:
Խօսելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու զարգացման մասին՝ Տիգրան Սարգսեան շեշտած է, որ կառավարութիւնը մեծապէս հետաքրքրուած է անոնց խնդիրներով, եւ որ անոնց լուծման ուղղութեամբ վերջիններուն ղեկավարները առաջարկներ կը ներկայացնեն: «Տեղեակ էք, որ կառավարութիւնը հաստատել է 2014 թուականի պետական բիւջէի նախագիծը: Այդ տեսակէտից մեզ հետաքրքրում է, թէ ինչպիսին է վիճակը աւագանիներում, ինչ խնդիրներ էք տեսնում, ինչ հարցեր են լուծուել, ինչպիսին է վիճակը աշխատավարձերի բարձրացման քաղաքականութեան տեսակէտից: Տեղեակ ենք, որ շատ համայնքներում կայ ֆինանսական միջոցների սղութիւն», ըսած է ան:
Վարչապետը վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի պետական պիւտճէի միջոցներով կարելի ըլլայ օժանդակել համայնքներուն՝ աշխատավարձերուն բարձրացումը Հայաստանի մէջ հեզասահ կերպով կազմակերպելու համար:
Մինչ 5 Հոկտեմբեր շարունակուող համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին տեղական ինքնակառավարման համակարգի եւ գիւղական համայնքներու արդիական խնդիրները՝ ոլորտին մէջ ներգրաւուած բոլոր շահագրգիռ կողմերու՝ պետական, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, մարզերու մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնող տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու մասնակցութեամբ: Իւրաքանչիւր մարզէն համաժողովին կը մասնակցին տասը համայնքապետ ու աւագանիի հինգ անդամ:
Յաջորդ տարուան 1 Յուլիսէն Հայաստանի մէջ աշխատավարձերը պիտի բարձրանան 40 տոկոսով: