ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սահմանամերձ Խաչիկ գիւղին մէջ 9 զինուորներու ընտանիքներ ստանձնած են իրենց բնակարանները:
Ասիկա տեղի ունեցած է զինուորներուն բնակարաններ ա-պահովելու ծրագիրի ծիրին մէջ։ Շնորհաւորելով բնակարանի ստանձնման բերկրանք ապրող զինուորներն ու անոնց ընտանիքի անդամները՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան անոնց յանձնած է բնակարաններուն բանալիներն ու վկայագիրները:
Ան նշած է, որ իրենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնակարանի կարիքին եւ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի զինուորները զգան, թէ իրենց իբրեւ թիկունք ունին պետական հոգածութիւնը եւ զերծ ըլլալով կենցաղային խնդիրներէն, բարեխղճօրէն կատարեն ծառայողական պարտականութիւնները:
Բացման արարողութենէն ետք պաշտպանութեան նախարարը այցելած է բնակարանները: Ծանօթանալով կատարուած շինարարական աշխատանքներուն՝ Սէյրան Օհանեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ ստեղծուած պայմանները լիովին կը համապատասխանեն շինարարական արդի չափանիշներուն:
Հայաստանի կառավարութիւնը եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն զինուորներուն բնակարանային վիճակը բարելաւելու աշխատանքներուն: Վերջին տարիներուն սկսած են օգտագործուիլ զինուորներուն համար նախատեսուած բնակելի բազմաթիւ շէնքեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.