ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 29ին աւարտած «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին լաւագոյն ֆիլմ ընտրուած է գործադիր արտադրող Ռոյ Քուրթլուեանի «Տը Փաուըր աֆ Ֆիու» ֆիլմը:
Աւելի քան 20 տարի առաջ Պոլիսէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ռոյ Քուրթլուեանի վեց տարիներու աշխատանքին ու ջանքերուն արգասիքը կը հանդիսանայ այս ֆիլմը, որ բեմադրուած է Լիոնի Մարուչիի կողմէ եւ որուն մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած են Քրիսթըֆըր Ուոլքըն եւ Քրիսչըն Սլէյթըր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.