
Սիրելի ներկաներ, յարգելի սգակիր բարեկամներ,
Այսօր, այս սուրբ մատրան մէջ հաւաքուած ենք հարազատներով, ընկեր-ընկերուհիներով, վերջին հրաժեշտը տալու մեր սիրելի Արփինէ Արարատեան-Մոմճեանին, որ աչքերը ընդմիշտ փակեց եւ հեռացաւ այս աշխարհէն 18 Օգոստոս, 2013ի առաւօտեան ժամը 7ին, իր տան մէջ:
Արփինէ ծնած է Հալէպ, 1927 Յունիս 26ին, հաւատաւոր դաշնակցական Մկրտիչ եւ Մարիամ Արարատեաններու ընտանիքի յարկին տակ՝ սուսիկ-փուսիկ տեղաւորուելով արդէն իսկ թիւ կազմած աղջիկ զաւակներու կողքին: Չորս քոյրերուն ամենափոքրը, որմէ ետք ծնան իր երկու եղբայրները, յաճախած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը, եղած է ՀՄԸՄի արծուիկ եւ այդպէս ալ շարունակած է իր կեանքը՝ համեստ, հնազանդ, հեզ…
Ամուսնացած է 1972ին, Պէյրութի մէջ, իրեն նման հեզ ու բարի բնաւորութեամբ Յակոբ Մոմճեանի հետ, որ հեռացած է այս աշխարհէն 2006ին՝ Արփինէին յուշ ձգելով իր բարի արարքներուն յիշատակը:
Զաւակ չեն ունեցած անոնք, բայց Արփինէն, Յակոբին բարի յիշատակին համար Հայաստանէն հայ որբուկներ որդեգրած էր. անոնց ուղարկած շնորհակալական գիրերը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէին Արփինէին, որ իր հարազատ զաւակը խնամելու բերկրանքն ու հաճոյքը կ՛ունենար հայաստանցի իր «հոգեզաւակներու» նամակներու ընթերցումով:
Մարդասէր, ազգասէր, հայրենասէր, եկեղեցասէր, գրասէր էր Արփինէն՝ ժառանգած իր ընտանիքէն, մասնաւորաբար հօրմէն՝ մտաւորական, յօդուածագիր եւ ընթերցասէր Մկրտիչ Արարատեանէն, որուն առանձնայատուկ գուրգուրանքին արժանացած էր միշտ:
Իրենց մօր՝ Մարիամի, անժամանակ կորուստին պատճառով, մեծով, պզտիկով յանձնուեցան իրենց հօր եւ մեծ քոյրերու հոգածութեան: Ըլլալով միաժամանակ շնորհալի դերձակուհի՝ Արփինէն մինչեւ կեանքի վերջը մնաց անյագ, ինքնամփոփ ընթերցասէր, եւ դարձեալ, լռիկ-մնջիկ Արփինէն էր, որ մտածեց, ձեռնարկեց եւ յաջողցուց իր տառապած հօր եւ գաղափարական մարդուն յիշատակին արժանավայել անկիւն մը ապահովելու գործը՝ հարիւրամեայ «Ասպարէզ»ի յարգարժան հովանիին տակ: Հօրը կեանքին վերջին տարիները յանձնուած էին Արփինէի խնամքին: Արփինէին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, միշտ երախտապարտ մնալով ընթացք տուող գաղափարի տէր ազնիւ մարդկանց՝ հիմնուեցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի «Մկրտիչ Արարատեան» գրադարանը, որ դարձաւ ապահով անկիւն մը հայ գիրքի պահպանման համար:
Կեանքի վերջին տարիներուն, իր առողջական վիճակին դէմ պայքարելով՝ ան, դարձեալ լռիկ-մնջիկ, ունէր իր խօսքը.
«Արփինէ պինդ կաց,
Վերը կայ Աստուած,
Քեզ չի մոռնար անկասկած»:
Եւ ահա՛, դարձեալ յուշիկ քայլերով, 18 Օգոստոս 2013ի առաւօտեան ան հեռացաւ այս աշխարհէն, «դէպի վեր»՝ շրջապատուած զինք սիրող, հոգացող եւ յարգող ազնիւ մարդոցմով:
Յիշատակդ անթառամ՝ բոլորիս սիրտերուն մէջ:
ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ